Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, թէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը յառաջիկային կրնայ կնքուիլ Երեւանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումէն ետք, առանց անդրադառնալու անգամ, թէ Պաքուի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը տեղի կ՚ունենա՞յ միաժամանակ թէ ոչ։

Իլհամ Ալիեւ Արցախի բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջան (Լաչին) կատարած այցելութեան ընթացքին ըսած է, որ Արցախի բնակչութիւնը «պէտք է ենթարկուի Ատրպէյճանի օրէնքներուն»:

«Ձեր գիրքը փակուած է, «Միացում»-ի գիրքը փակուած է, անջատողականութեան վերջը եկած է, անկախութեան երազանքները, ինչպէս կարգավիճակը, ի չիք դարձած են», ըսած է Ալիեւ:

Անոր խօսքով՝ արցախահայութեան համար մնացած «միակ ճանապարհը» «Ատրպէյճանի օրէնքներուն ենթարկուիլն է, Ատրպէյճանի հաւատարիմ, բնական քաղաքացի դառնալը։

«Մենք կը հաւատանք, որ իրենք կը հասկնան, կու գան ու քայլ կ’առնեն, որ ապրին Ատրպէյճանի դրօշին տակ։ Մենք կը սպասենք։ Ուստի մենք այլ քայլ չենք առներ, եւ կը կարծեմ, որ վերջին երկուքուկէս տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները պէտք է արթնցնեն անոնց, արթնցնեն երազանքներէն», ըսած է Ալիեւ: