Վենեզուելլայի եւ Սուրիոյ միջեւ 12 տարիէ ի վեր թռիչքային շարժումի դադրեցումէն ետք, Չորեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Վենեզուելայի Քարաքաս օդակայանէն թռիչք առած օդանաւը ժամանեց Դամասկոսի Միջազգային օդակայան։ Օդանաւը կը փոխադրէր 102 ճամբորդ, ներառեալ Վենեզուելլայի փոխադրութեան նախարարը, արտաքին գործոց փոխնախարարը եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը։