Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը (ՄԻԵԴ) Ատրպէյճանէն պահանջած է մինչեւ սոյն թուականի 6 Յունիսը ներառեալ տեղեկութիւններ տրամադրել երկու հայ զինուորական ծառայողներուն մասին։

Ըստ ՄԻԵԴ-ին, յատկապէս Պաքուն պէտք է յստակացնէ՝ արդեօ՞ք երկու զինուորական ծառայողները գերիի կամ այլ կարգավիճակի մէջ գտնուած են Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ եւ եթէ այո, ապա տեղեկութիւն տրամադրէ զինուորական ծառայողները պահելու պայմաններուն եւ բժշկական հետազօտութիւններուն մասին:

Մարտական յենակէտեր սնունդ մատակարարող երկու հայ զինուորական ծառայողներու առեւանգումին փաստով Հայաստան օրեր առաջ դիմած էր Սթրասպուրկի դատարան։