Հրապարակախoս Վաչէ Բրուտեանի խօսքը` «Նեմեսիս»-ի յուշարձանին մօտ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին արտասանուած:

Ազգերը, պետութիւնները կը գոյատեւեն իրենց ուժի յենարաններով:
Ուժը չի սահմանափակուիր միայն ֆիզիքական ձեւով: Ան ունի նաեւ գաղափարական դրսեւորում:
Ազգերու, պետութիւններու գոյատեւման հիմքերէն են նաեւ ազգային արժանապատուութիւնն ու անկէ բխած գերիշխանութիւնը:
Այսօր հաւաքուած ենք հոս, «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ի` Երեւանի սրտին վրայ կառուցուած այս յուշակոթողին շուրջ, ընդգծելու համար հայոց ազգային արժանապատուութեան գաղափարը` իբրեւ կենարար ուժ: Հոս հաւաքուած ենք անգամ մը եւս ընդգծելու համար, որ արդարութիւնն է այն խարիսխը, որուն վրայ կարելի է հաստատել ազգամիջեան համերաշխութիւնն ու արդարութիւնը: Առանց արդարութեան` խաղաղութիւն չի՛ կրնար հաստատուիլ:
Սա նոյն Երեւանն է, հայոց մայրաքաղաքը, ուր 1919-ին գումարուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովը: Այդ նոյն ժողովի որոշումն էր պատժել Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակները` յանուն արդարութեան եւ արժանապատուութեան վերականգնման: Մենք կայացուցինք ու գործադրեցինք արդար վճիռ:
Մօտաւորապէս 150 տարիէ ի վեր մեր ժողովուրդը կը պայքարի յանուն իր արդար իրաւունքներուն: Այդ արդար դատը մտաւ իր գործնական լուծման առաջին փուլը ճիշդ 105 տարի առաջ, ու ճիշդ այս օր` 28 Մայիս 1918-ին, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը:
Սա նոյն Երեւանն է, ուր 104 տարի առաջ ու դարձեալ ճիշդ այսօր հայոց ազգային կառավարութիւնը Հայաստանը հռչակեց ազատ, անկախ ու մանաւանդ` միացեալ:
Պատահական չէր, որ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հողին վրայ տրուեցաւ արդարութեան վրայ հիմնուած պատիժի որոշումը: Դաշնակցութեան էութեան մաս կը կազմէ արդարամտութիւնը: Այս արդարամտութեան վրայ խարսխուած է միացեալ Հայաստան կերտելու մեր ծրագրային մօտեցումը:
Դարձեալ, արդարութիւնը վերականգնելու, ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստան ստեղծելու մեր մօտեցումին արդիւնք էր այն, որ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ ուժերով լծուեցաւ Արցախը ազատագրելու պայքարին 1990-ական թուականներուն: Որովհետեւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործուած անարդարութիւնը կը սրբագրուի միայն այն ատեն, երբ կը ստեղծենք միացեա՛լ Հայաստան: Սա՛ էր մեզ առաջնորդող գաղափարական սկզբունքը թէ՛ այդ օրերուն եւ թէ՛ այսօր, երբ կը պայքարինք Հայաստանի ներկայիս իշխանութեան հակաազգային վարքագծին դէմ:
Մեր թշնամիները` Թուրքիան ու Ատրպէյճանը, բնականաբար հաշտ աչքով չեն նայիր մեր պայքարին: Անոնց ձգտումն է միանգամընդմիշտ պարտութեան մատնել մեր արդար դատը: Իսկ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ոչ միայն կը փորձեն ուրանալ մեր արդար դատը, այլեւ ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի պարտութեան մատնեն յանուն արդարութեան մեր ժողովուրդին մղած պայքարը: Ասոր նորագոյն փաստը Արցախը թշնամիին յանձնելու իրենց բացայայտ տրամադրութիւնն է, ու նոյն ծիրէն ներս ալ` այս յուշակոթողին կառուցումը իբր թէ սխալ որոշումի արդիւնք համարելը: Տխուր է հաստատելը, որ ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու բարձրագոյն ամպիոնէն հնչած այս միտքը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ փորձ մը` հաճոյանալու թշնամի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի կեցուածքին, թէ` «Սխալ էր այդ յուշարձանին կառուցումը»:
Ո՛չ, պարոնայք իշխանաւորներ: «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ի այս յուշակոթողը խորհրդանիշն է հայ ժողովուրդի արդարամտութեան ու արժանապատուութեան: Անիկա պիտի մնայ իբրեւ ուղեցոյց` մեր յաջորդական սերունդներուն:
Մեր ժողովուրդին արդարամտութիւնն ու հաւաքական արժանապատուութիւնը սակարկելի չեն, ի՛նչ ալ մտածեն Անգարայի, Պաքուի, Մոսկուայի կամ Ուաշինկթընի մէջ: Արդարութիւնը վերականգնելու մեր ժողովուրդին ձգտումը կը դրսեւորուի յարատեւ պայքարով, յարատեւ կռիւով, զանազան տեսակի խրամատներու մէջ: Այդ խրամատները գոյութիւն ունին թէ՛ թշնամիին հետ շփման գիծերուն վրայ եւ թէ՛ համաշխարհային ուժի կեդրոններու դիւանագիտական քուլիսներուն մէջ:
Հետեւաբար, ու առանց թեթեւսոլիկ յոխորտանքի, կը հաստատենք. թող լաւ գիտնան բոլորը Անգարայի, Պաքուի, Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի մէջ, որ մեր ներկայութիւնը հոս, «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ի` հայկական Նիւրենպերկի այս յուշակոթողին շուրջ ինքնին խորհրդանիշն է հայութեան արդար պայքարին նկատմամբ մեր ունեցած հաւատքին ու յանձնառութեան:
Այսօր, ու ինչպէս վերը նշեցինք, ՀՀ իշխանաւորները կը փորձեն հրաժարիլ հայութեան տարրական եւ արդար իրաւունքներէն եւ հո՛ս, այս գաղափարական դաշտին վրա՛յ է մեր ու իրենց տարբերութիւնը: Մեր ժողովուրդի արդար պահանջներու գաղափարական խորհրդանիշներէն են` Սարդարապատի, Ծիծեռնակաբերդի ու «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ի յուշակոթողները, Արարատն ու Մռաւը, Շուշին ու Վանը: Իսկ ՔՊ-ին համար… միայն ու միայն փողն ու ստամոքսը, նիւթապաշտական ագահութիւնը: Այս իշխանութիւնը իր էութեամբ կը հակադրուի մեր ժողովուրդի ազգային արժանապատուութեան: Այն արժանապատուութեան, զոր նաեւ պաշտպանելու համար կեանքի կոչուեցաւ «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ը:
Բայց մենք ուժեղ ենք, որովհետեւ ամուր ենք այն հաւատքով, որ ի վերջոյ յաղթական դուրս պիտի գան գաղափարի ուժով զինուածները: Սարդարապատն ու «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ը պիտի յաղթեն նիւթապաշտութեան: Միացեալ Հայաստանի գաղափարը պիտի յաղթէ 29 հազարին: Չկասկածի՛ք:
Զինուեցէք այս հաւատքով ու գաղափարով:

28 Մայիս 2023, Երեւան