Ստորեւ կը ներկայացնենք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը.

«Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը 2023 տարին հռչակեց «Սփիւռքի Տարի Բ. — Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում»։ Այս շրջագիծին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ձեռնարկած է հովուապետական այցելութիւններու՝ նպատակ ունենալով Սփիւռքի մեր գաղութներու վերակազմակերպումը, մեկնելով «Հզօր Սփիւռք՝ Հզօր Հայաստան եւ Հզօր Արցախ» տեսլականէն ու յանձնառութենէն։

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գանատա, ընկերակցութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շերնէզեանի եւ Մեծի Տանն Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանի։

Գանատայի հայոց թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին, 1-15 Յունիս, Հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմի Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգային Իշխանութեան, հոգեւորականաց դասուն, թեմական ու համայնքային պատասխանատու մարմիններու, միջ-եկեղեցական պատասխանատուներու եւ դիւանագիտական ու պետական անձնաւորութիւններու հետ։

Վերոյիշեալ հանդիպումներու ընթացքին պիտի արծարծուին գաղութի աշխատանքներուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ վերակազմակերպան հանգրուաններուն հետ առնչուած հարցեր եւ պիտի մշակուին համապատասխան աշխատանքային ծրագիրներ»: