Հայկական կողմը մշտապէս ողջունած է ԱՄՆ_ի կողմէն գործադրուող ջանքերը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման գործընթացը: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի ԱԳՆ-ն՝ մեկնաբանելով ԱՄՆ պետական բաժինի խօսնակի կողմէն 30 Մայիսին կատարած մամլոյ յայտարարութիւնը:

ԱԳՆ մեկնաբանութեան մէջ ըսուած է. «Կը կարծենք՝ մեր բոլոր գործընկերներուն համար ակնյայտ պէտք է ըլլայ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները առանցքային են Ալմա-Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ իրարու տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան ճանաչումը, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հասցէագրումը:

Ինչպէս ընդգծած ենք ՀՀ ԱԳՆ 29 Մայիսի յայտարարութեամբ, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը չի կրնար մեկնաբանուած ըլլալ որպէս ԼՂ ժողովուրդին դէմ ցեղային զտումներ եւ ինքնիրաւչութիւն իրականացնելու իրաւասութիւն: Անհնար է չնկատել, որ Ատրպէյճանի նախագահին՝ 28 Մայիսին կատարած յայտարարութիւնները ոչ միայն չէին առաջարկեր արժանապատիւ լուծումներ վերոնշեալ հարցերուն, այլեւ յստակ սպառնալիքներ կը պարունակէին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու անկախութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին՝ իրենց հայրենիքին մէջ անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքին նկատմամբ, որուն մասին հայկական կողմը բազմիցս ահազանգած է։

Կը կարծենք, որ Միացեալ Նահանգները, մեկնելով ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներոը պաշտպանութեան իր իսկ դաւանած արժէքներէն եւ տարածաշրջանի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած յանձնառութենէն եւ ներգրաւուածութենէն, պէտք է համարժէքօրէն արձագանգէ այս յայտարարութիւններուն՝ կանխելու Ատրպէյճանի ղեկավարութեան՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներու նկրտումները»։