Ահաւասիկ ցնծալի յուշերով առլի դպրոցս կ՚ամբողջացնէ իր դարադարձը։

Լաթաքիոյ մէջ բերկրութեան ու յոյսի նշոյլներ փայլեցան Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի հիմնադրութեան աւետիսով:
Որքա՜ն գօտեպնդիչ ու խրախուսական է տեսնել ակաղձուն ազգասիրութեամբ տոգորուած սերունդներ, որոնք կերտեցին ու կանգուն պահեցին Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանը:

Այս ամրոցը որքա՜ն սերունդներ հայեցի կրթութեամբ սնուցանեց, խնամեց ու գիտութիւն ջամբեց անոնց։

Ան սոսկ կրթական օջախ մը չեղաւ, այլ՝ Սփիւռքի պայմաններուն մէջ ինքնութիւն պահող ոգեղէն վահան մը, հայ մտքի հնոց մը, լաթաքիահայութեան տրոփող սիրտը:

Ըմբոշխնելով 100-ամեակին նուիրուած վաւերագրական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էին վարժարանի հիմնադրութեան տարիներէն՝ 1922-էն մինչեւ օրս հասնող արխիւները, լուսանկարները, մատեանները, վկայագրերը, շքանշանները, աշակերտներու ցանկերը եւ այլն, յուզուեցայ, միեւնոյն ատեն ներշնչուեցայ մեր վարժարանին հպարտալի պատմութեամբ։
Տեսայ թէ որքա՛ն թանկ արխիւներ կը ցուցադրուին, իսկ այցելուները որքան հետաքրքրութեամբ կը դիտեն վարժարանիս զարգացման փուլերու վաւերագրերը։

Ես ալ դիտելով ցուցադրուած արխիւները ու թերթատելով 100-ամեակին առիթով հրատարակուած յուշամատեանը, տեղեկութիւններու շտեմարանով հարստացայ ու պարծանք զգացի, որ Սուրիոյ հայկական առաջին վարժարաններէն մէկուն շրջանաւարտն եմ։ Յանդգնեցայ նոյնիսկ լուսանկարել հարիւրաւոր պատկերներ, էջեր, որպէսզի յետոյ կարդամ ու լաւ իմանամ դպրոցիս պատմութիւնը:

Ցուցահանդէսին ընթացքին երբ դասարանիս պատկերները տեսայ, ահագին յիշատակներ արթնցան՝ կոկիկ գոգնոցներ… դաջուած անուններ ու սրտիկներ… սիրելի ուսուցչուհիներ, որոնք յաճախ իրենց լաւագոյնը կու տային եւ վերջապէս մեր մանկական չարաճճիութիւնները:

Այս տողերը գրելով, անդրադարձայ որ ընձառիւծի պէս արագավազ դպրոցական տարիներս արդէն յիշատակի վերածուած են։

Այս պատեհ առիթով, ջերմապէս կը շնորհաւորեմ դպրոցիս մեծ ընտանիքը, խնամակալութիւնները, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը ու բոլոր անոնք, որոնք աննկուն կամքով ու հաւատքով այս կրթօճախը կանգուն պահեցին որպէս հաստաբուն կաղնի, որ իր ծիլերն ու ծաղիկները տարածեց ողջ սփիւռքի մէջ:
Ու թէեւ մեր վարժարանը դժուարութիւններէ անցաւ, սակայն անխախտ մնաց ու իր լայն դռները միշտ բաց պահեց։

Շիրազ Գաբրիէլեան

Լաթաքիա