Ամերիկեան «Financial Times»-ը «Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ ժողովըրդավարութեան համար անհանգստացնող ապագայ» վերնագիրով յօդուած հրապարակած է, ուր կը խօսուի նախագահական ընտրութիւններու 2-րդ փուլէն յետոյ ստեղծուելիք իրավիճակին մասին:
Կեդրոնական Դրամատունը (ԿԴ) տարբեր ոչ-շուկայական համաձայնութիւններով եւ «յետին դռնէ» արտարժոյթի վաճառքով կը փորձէ զսպել թրքական լիրայի արժեզրկումը: Իսկ այդ ալ իր կարգին լուրջ պահեստներու կորուստին պատճառ կը դառնայ: Տնտեսութեան ղեկավարներու նկատմամբ ունեցած անվստահութեան պատճառով կորուստները ալ աւելի մեծցան, որպէս հետեւանք ընտրութիւններու շրջանին արտարժոյթի պահանջին մեծ աճին:
Թուրքիոյ ԿԴ-ի տուեալներուն համաձայն, 19 Մայիսին շաբաթական պահեստները 3,5 մլռ. տոլարով նուազելով հասած են 101,6 մլռ.-ի:
Յօդուածին մէջ կը յիշուի, որ գնաճը 2022-ին հասած էր 80%-ի: Այս պահուն ան կը նուազի՝ հասնելով 44%-ի:
Անդրադառնալով ընտրութիւններուն՝ «Financial Times»-ը գրած է. «Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները, լրագրողները, գիտնականները եւ գործարարները բանտերու մէջ կը փտին», աւելցնելով, որ քիւրտերը եւս թիրախ դարձած են նախընտրական շրջանին: