Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտումը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի ճակատամարտերէն ետք, ապա շրջան մը վերջ Հայաստանի հարաւային դարպասի՝ Սիւնիքի ազատագրումին ունեցած կարեւոր դերը հայոց  պետականութեան արմատաւորման մէջ, նոր սկիզբ դրին հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութեան ու պաշտպանական համակարգին:
Զինուորական յաղթանակները ամրագրուեցան նաեւ քաղաքական ձեռքբերումներով, երբ Հայաստան տարբեր երկիրներու մէջ ունեցաւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, երբ Թուրքիան ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, ապա նաեւ հայկական դիւանագիտութիւնը յաջողեցաւ հասնիլ մինչեւ Սեւրի դաշնագրի ստորագրութեան: Ցաւօք աշխարհաքաղաքական զարցացումները թոյլ չտուին որ Սեւրի դաշնագիրը կեանքի կոչուի:
Այս բոլորը կը յիշենք հաստատելու, որ զինուորական յաղթանակներուն անպայման կ’ընկերակցէին քաղաքական եւ դիւանագիտական քայլերը: Այլապէս դժուար պիտի ըլլար պահել անգամ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
105 տարի վերջ, Հայաստանին կրկին կը սպառնայ թուրքազերիական վտանգը: Թուրանական ծրագիրը յօդս չէ ցնդած, որքան ալ Թուրքիան ձեւացնէ, թէ Ատրպէյճան-Հայաստան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեամբ վերջ պիտի գտնեն իր թշնամական արարքներն ու ծաւալապաշտական նկրտումները:
Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ քայլ առ քայլ կը մօտենայ Հայաստանի տարածքներուն: Եթէ Արցախի ազատագրումով ազերի զինուորները հեռու էին Հայաստանի հարաւային դարպասէն, այսօր  կանգնած են դարպասին կից, տեղ-տեղ ալ թափանցած են այդ դարպասէն ներս:
Այս վտանգը նկատի ունենալով կարելի չէ Արցախի կարգավիճակի հարցը փակել ու Արցախը Ատրպէյճանի մաս համարելով Հայաստանը պաշտպանուած համարել:
Հայկական կողմը քաղաքական-դիւանագիտական  իր լծակներու օգտագործումով միշտ օրակարգի վրայ պիտի պահէ Արցախի ժողովուրդին ազատ ինքնորոշման իրաւունքի հարցը երկու պատճառով՝ նախ փրկելու Արցախի ժողովուրդը ցեղասպանութենէ ու Ատրպէյճանի այլատեսակ տարազներով  ներկայացուող սպառնալիքներէն, երկրորդ հեռու պահելու թուրքազերիական վտանգը Հայաստանի հարաւային դարպասէն:
Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններով պարզուեցաւ, որ Թուրքիան յառաջիկայ տարիներուն պիտի դառնայ աւելի ծայրայեղ, աւելի ծաւալապաշտ: Այս ցոյց տուին ընտրարշաւի ընթացքին Էրտողանի խօսքերը,  Հայաստանի հետ սահմաններ բանալու կամ Ատրպէյճան-Հայաստան խաղաղութեան  պայմանագիր կնքելու համար նոյն Պաքուի լեզուով արտայայտուելու ոճը, այլ խօսքով՝ թուրանական ծրագրի իրականացման համար աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու օգտագործման յստակ մղումները:
Այնպէս որ հայկական կողմէն իւրաքանչիւր զիջում, թեկուզ բերանացի արտայայտուած, լաւապէս պիտի օգտագործուի վերոյիշեալ նպատակին հասնելու համար:
Հայկական կողմը տարիներու իր ձեռքբերումները խաղաղութեան խոստումներու դիմաց յանձնելու ծուղակին մէջ պէտք չէ իյնայ, նոյնիսկ Արցախի նկատառելի մէկ մասին բռնագրաւումէն ետք:
Արցախի Հանրապետութիւնը, իր պետական բոլոր կառոյցներով, ազատ ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային օրէնքով ձեռքբերուած նուաճում է: Արցախի կարգավիճակին առնչուող բանակցութիւններն ու միջազգային դերակատարներու ազդեցութեանց չեղարկումը, այլ խօսքով՝ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցող որեւէ փաստաթուղթի ստորագրութիւնը թուրքազերիական վտանգը պիտի չվանէ, ոչ ալ Հայաստանի հարաւային սահմաններու պաշտպանութիւնը պիտի երաշխաւորէ:
Ժողովրդավար ձեւացող Թուրքիան այսօր կը դիմագրաւէ տնտեսական տագնապ, ժողովրդավարութեան իր պատկերով ծայր աստիճան խոցելի է, հետեւաբար իշխող տարրը երկրի ծայրայեղականները իր կողքին պահելու համար միշտ օրակարգի վրայ պիտի ունենայ այսպէս կոչուած «թշնամիներու» վտանգը, թրքացեղ ժողովուրդներու միացման օրակարգը, որպէսզի այդ օրակարգերով ծածկէ իր խոցելի կէտերը:
Հայկական կողմը իր պաշտպանողական համակարգը զօրացնելու եւ դիւանագիտութիւնը զիջման քայլերէ հեռու պահելու  մարտահրաւէրը պարտի յաղթահարել, օգտագործելով Հայաստանի աշխարհագրական կարեւոր դիրքը տարածաշրջանի ներկայ լարուած պայմաններուն լոյսին տակ: