Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը խոր հիասթափութիւն եւ տարակուսանք յառաջացնող որակած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչին 30 Մայիսի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան ողջունած է Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) բնակիչներու, այսպէս կոչուած, համաներման հարցը դիտարկելու պատրաստակամութեան մասին Ատրպէյճանի նախագահի վերջին յայտարարութիւնները: «Արմէնփրէս»-ը այս մասին տեղեկացած է Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մեկնաբանութենէն:

Մեկնաբանութեան մէջ նաեւ յիշուած է. «Անբացատրելի է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ամբողջութեամբ բացայայտ բռնանքի եւ պարտադրանքի վրայ հիմնուած Ատրպէյճանի նախագահի այդ յայտարարութեան մէջ խրախուսանքի արժանի որեւէ դրական տարր գտնելը: Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութեան հիմնական ուղերձը կը կայանար անոր մէջ, որ Ատրպէյճանը կը հրաժարի Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած իշխանութիւններուն հետ հաւասար երկխօսութենէն եւ կ՛առաջնորդուի միայն իր իշխանութիւնը Արցախի ժողովուրդին ուժով պարտադրելու ցանկութեամբ:

Կասկածներ չունինք, որ Միացեալ Նահանգներ ցանկութիւն ունին դրական դեր խաղալ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան արդար, հաւասարակշռուած ու արժանապատիւ լուծման եւ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու գործին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, կը գտնենք, որ Պաքուի ապակառուցողական եւ ռազմատենչ քաղաքականութեան խրախուսումը կը հակասէ հակամարտութեան խաղաղ լուծման հարցին մէջ դրական փոփոխութիւններու հասնելու ցանկութեան»: