Ուրբաթ, 26 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս տեղի ունեցան Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը, ներկայութեամբ Քեսապի Հայ Առաքելական համայնքի հոգեւոր տեսուչ Տէր Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի, Հայ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւ Պատուելի Շանթ Ակիշեանի, Ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, Քեսապի մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ հարազատներու:

Հանդէսը սկիզբ առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք հայերէն խօսքով ներկաները ողջունեց մանկապարտիզպանուհի Դալար Թութիկեան եւ ըսաւ.« Օրուան հանդիսութիւնը տարեշրջանի մը տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքի ամփոփումն է: Հակառակ այս օրերու դժուար պայմաններուն, հայ մանուկը ստացաւ հայեցի դաստիարակութիւն, որովհետեւ մանկապարտէզը հայակերտման առաջին հնոցն է, ուր ան իր առաջին քայլերը դնելով կ’ընթանայ դէպի լուսաշող ապագայ»: Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն իրենց վստահութեան եւ համագործակցութեան համար, շնորհաւորեց փոքրիկները մաղթելով, որ 12 տարի վերջ անոնք նոյն այս բեմին վրայ ստանան Ճեմարանի աւարտական դասարանի իրենց վկայականը, ապա շնորհակալոււթիւն յայտնեց Ճեմարանի հոգաբարձութեան, իրենց նուիրական զոհաբերութեան եւ ծառայութեան համար՝ ի նպաստ հայ դպրոցին եւ անոր բարգաւաճման:

Արաբերէն բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Մեղրիկ Ղազարեան:

Այնուհետեւ մանկական աշխարհի յատուկ կանչերով շրջանաւարտ փոքրիկները եւս հայերէն եւ արաբերէն բարի գալուստ մաղթանքներ ուղղեցին ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեցին ուսուցչուհիներուն եւ խոստացան, որ ուր ալ երթան երբեք պիտի չմոռնան մանկապարտէզը եւ հոն անցուցած անմոռանալի երեք տարիները:

Այս տարուան գեղարուեստական յատագիրը «Գարնան պարտէզ» խորագիրով ներկայացում մըն էր, զոր աշակերտները բեմականացուցին յստակ առոգանութեամբ, իմաստալից եւ խորհուրդ փոխանցող աշխոյժ երկխօսութեամբ, երգերով, պարերով եւ փոքրիկներու յատուկ վայելչագեղ զգեստներով:

Շրջանաւարտներուն սպասուած ժամը հասած էր, 11 գունագեղ ծաղիկներ եռանդուն քայլերով շրջանաւարտութեան տարազները հագած ներկաներուն ծափողջոյններով մուտք գործեցին սրահ:

Մանկապարտիզպանուհին բեմ հրաւիրեց Ճեմարանի տնօրէնը եւ հայ առաքելական համայնքի հոգեւոր տեսուչը հովանաւորելու վկայականաց բաշխումը:

Հանդիսութեան աւարտին, հայր սուրբը շնորհաւորեց վկայեալ փոքրիկները եւ անոնց ծնողները, ապա բարձր գնահատեց ուսուցչուհիներու ժրաջան աշխատանքը եւ անոր արգասիքը հանդիսացող այս հանդէսը: Հայ սուրբը այնուհետեւ յարատեւ վերելք մաղթեց մանկապարտէզին, որմէ ետք «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը: