Յաջողութեամբ լրացաւ կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնին կրթական 2022-2023 տարեշրջանը, եւ երեք տարուան ծրագիրը աւարտած 13 ուսանողներ վկայուեցան` ձեռամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ:

Առաջին հերթին խօսք առաւ կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Շխրտմեան: Ան նշեց, որ` «Հայագիտական կեդրոնի յաջողութեան գաղտնիքը կը գտնուի մեր բանիբուն վեհափառ հայրապետին կողմէ հայագիտական մարզին ընծայած կարեւորութեան եւ զայն մեր առօրեայ ապրումներէն ներս ցոլացնելու իր ճիգին ու աշխատանքին մէջ»: Շխրտմեան շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի յանձնախումբին` անոր բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանքին համար, որուն իբրեւ արդիւնք` կարելի կ՛ըլլայ Հայագիտական կեդրոնը վերածել հոգեւոր, ազգային, կրթական, մշակութային արժէքներու պահպանութեան եզակի վայրի մը: Վերջապէս, ան իր խօսքը ուղղեց ուսանողներուն, որոնք պարտաճանաչօրէն հետեւեցան դասընթացքներուն` յաղթահարելով զանազան դժուարութիւններ եւ մաղթեց, որ անոնք շարունակեն ծառայել ազգային-հոգեւոր արժէքներուն: Աւարտին ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց` վեհափառ հայրապետին, միաբան հայրերուն, ուսուցիչներուն, կաթողիկոսարանի նախկին եւ ներկայ դիւանապետներուն, կեդրոնի քարտուղարութեան, ուսուցչական կազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան տարուող աշխատանքներուն մէջ:

Տնօրէնին խօսքէն ետք ուսանողներուն անունով ուղերձ կարդաց Արշալոյս Չուլճեան-Էլէյճեան, որ ուրախութիւն յայտնեց կեդրոնին մէջ երեք տարի շարունակ վաստակաշատ ուսուցիչներու կողմէ հայագիտական ուսում ստանալուն եւ վկայուելուն համար: Այս իմաստով ան եւս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց` կաթողիկոսին, տնօրէնին, կեդրոնի քարտուղար Մարլեն Էվինկիւլեանին եւ յուզումնախառն զգացումներով յիշեց կեդրոնի նախկին տնօրէն հանգուցեալ Ժիրայր Դանիէլեանը:

Արամ Ա. կաթողիկոս առաջին հերթին իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց` ի տես կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնի այս տարեշրջանի հունձքին, որ կու գայ մեր ազգային գործունէութեան դաշտ առաքելու 13 վկայեալ ուսանողներ: Ընդգծելով հայագիտական ուսմանց յոյժ կարեւորութիւնը յատկապէս մերօրեայ կեանքի պայմաններու լոյսին տակ` վեհափառ հայրապետը շեշտեց կաթողիկոսարանի այս կեդրոնը ծաւալելու եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու ու զայն պահպանելու մեր Ս. Աթոռին հաստատակամութիւնը: Ան ըսաւ, որ սփիւռքի մէջ հազուադէպօրէն կարելի է գտնել նման կեդրոններ. ուստի մենք ջանք պիտի չխնայենք կաթողիկոսարանի հայագիտական այս կեդրոնը աւելի հզօրացնելու եւ անոր գործունէութիւնը աւելի ընդլայնելու, որովհետեւ մեր ազգը կայ ու կը գոյատեւէ` պահելով ու սերունդէ սերունդ փոխանցելով մեր լեզուն, մշակոյթը, հարուստ պատմութիւնը, մեր բազմադարեան գրականութիւնը եւ եկեղեցական ու ազգային արժէքները:

Իր խօսքի աւարտին հայրապետը բարձր գնահատեց այս սրբազան առաքելութեան լծուած կեդրոնի տնօրէնը, ուսուցչական կազմը եւ յանձնախումբը: Ան յիշեցուց անոնց ստանձնած պատասխանատուութեան լրջութիւնը եւ վստահեցուց, որ ինք անձնապէս եւ կաթողիկոսարանի բոլոր մարմիններն ու կառոյցները պատրաստ են սատարելու կեդրոնի ծաղկման բոլոր աշխատանքներուն: Վերջապէս, ան իր հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը փոխանցեց 13 աւարտական աշակերտներուն եւ յորդորեց, որ կեդրոնէն առած իրենց ուսումն ու գիտելիքները ի գործ դնեն մեր ազգային արժէքներու ու իտէալներու տարածման աշխատանքին մէջ:

Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը` ձեռամբ հայրապետին:

Յայտնենք, որ այս տարուան հունձքը կը բաղկանար հետեւեալ ուսանողներէն. Անի Չամքերթենեան-Տէտէեան, Արշալոյս Չուլճեան-Էլէյճեան, Արփի-Թալին Կոնճեան, Դշխուն Մկրտիչեան-Մահտեսեան, Թալին Քէօշկէրեան, Լենա Ստեփան-Մարգարեան, Լիզա Բանճարճեան-Թելվիզեան, Խաժակ Պոյաճեան, Մարալ Խաչատուրեան-Իշխանեան, Մարինա Քէլէշեան-Հանտեան, Մարo Գազանճեան-Թազեան, Մէյրի-Ռիթա Մինասեան եւ Պեթի Ինճէեան-Պալապանեան:

Յունիս 2, 2023