Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Գանատա իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, այցելեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»-ի խմբագրատուն: Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան եւ Թեմիս հոգեւորականաց դասը:

«Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին, ծանօթացուց թերթիս խմբագրակազմն ու հակիրճ կերպով անդրադարձաւ՝ «Հորիզոն»-ի առաքելութեան գաղութիս կեանքէն ներս, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի լրատուութեանց փոխանցման, ինչպէս նաեւ թրքական ու ազերիական հակահայ քարոզչութեան դէմ մղուած տեղեկատուական պայքարին:

Գերշ. Տէր Բաբգէն Սրբազան յայտնեց, որ ամսական դրութեամբ «Հորիզոն»-ի մէջ որպէս ներդիր լոյս կը տեսնէ նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմին կողմէ հրատարակուող «Լուսաւորիչ» պարբերականը:
Վեհափառ Հայրապետը 2016-ի իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին եւս այցելած էր «Հորիզոն» եւ մեծապէս գնահատած տարուած աշխատանքը: Այսօր նոյնպէս ան բարձր գնահատեց շաբաթաթերթիս նուիրական գործունէութիւնն ու բարի երթ մաղթեց աշխատակազմին:

Աւարտին, թերթիս խմբագիրը Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց «Հորիզոն»ի կողմէ հրատարակուած Թադեւոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի քաղաքները» եւ Ցեղասպանութեան 108-ամեակի եւ Ամանորի բացառիկ հրատարակութիւններն ու թերթիս վերջին թիւը։