«Արմէնփրէս».-Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները 16 Սեպտեմբերին տեղւոյն ժամը 00:20-00:40-ին, հրաձգային զէնքերով կրակ բացած են Ջիլի (Գեղարքունիքի մարզ) հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ:

Տեղեկութիւնը հրապարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեամբ:

Հաղորդագրութեան մէջ այլ մանրամասնութիւններ չեն յիշուած: