Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ «Շինխօ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի Չինաստան այցելութիւնը նոր եւ կարեւոր յառաջընթաց եղաւ երկու երկիրներու յարաբերութեան պատմութեան մէջ։
Նախարար Մըքտատ աւելցուց, որ վերջին տարիներուն ընթացքին, Սուրիոյ եւ Չինաստանի յարաբերութիւնները զարգացան, միջազգային իրավիճակը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ եւ Չինաստան ակնառու դեր ունեցաւ տարբեր մակարդակներով։