Խստօրէն կը դատապարտենք Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի առաջնորդներուն՝ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Դաւիթ Իշխանեանի, Ռուբէն Վարդանեանի եւ այլոց ձերբակալութիւնները։

Այս մասին ըսուած է ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ․
«Հակառակ ԼՂ ներկայացուցիչներուն հետ երկխօսութեան, հայերու իրաւունքները յարգելու եւ պաշտպանութեան, անոնց վերադարձը ԼՂ չխոչընդոտելու պատրաստակամութեան, տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման մասին Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն, Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմինները կը շարունակեն կամայական ձերբակալութիւնները:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը բազմիցս, ինչպէս 23 Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Միութեան հարթակէն, բարձրաձայնած է այդպիսի գործողութիւններուն բացառումը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը։ 28 Սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն իսկ դիմում ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան՝ Ռասայական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային համաձայնութեամբ քննող Հայաստանը ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով ժամանակաւոր միջոց կիրառելու մասին Ատրպէյճանէն պահանջելով ձեռնպահ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայիս կամ նախկին ղեկավարութեան կամ զինուորականներուն նկատմամբ պատժիչ գործողութիւններէն։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ձեռնարկէ բոլոր կարելի քայլերը ապօրինաբար ձերբակալուած ԼՂ ներկայացուցիչներու իրաւունքները միջազգային, ինչպէս նաեւ դատական ատեաններու վրայ պաշտպանելու համար։
Նաեւ կոչ կ’ուղղենք միջազգային գործընկերներուն հետամուտ ըլլալու մինչ օրս Ատրպէյճանին ուղղուած բոլոր՝ ԼՂ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան մասին իրենց ուղերձներուն եւ հարցը հասցէագրել թէ´ Ատրպէյճանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու տիրոյթին մէջ, թէ´ տարբեր միջազգային ատեաններու վրայ»։