«Թերթ» կը յայտնէ, որ օրերս ընթացք առած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք 2023» միացեալ մարտավարական ռազմափորձերը, որոնք  պիտի իրականանան տարբեր ուղղութիւններով՝ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի, Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ բռնագրաւուած Արցախի տարածքներուն վրայ:
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ ռազմափորձերուն մէջ ներգրաւուած են երկու երկիրներու այլազան բնոյթի զօրքերու՝ ընդհանուր առմամբ մինչեւ 3 հազար հոգինոց անձնակազմ, 130 միաւոր զինամթերք, 100 հրետանային զինատեսակ, աւելի քան 20 օդանաւ եւ ուղղաթիռ, ինչպէս նաեւ երկրաչափական սարքեր:
Ռազմափորձերու ընթացքին կեդրոնացումը պիտի ըլլայ զօրքերու փոխգործակցութեան մարտական համակարգումի ապահովման վրայ։ Ծրագիրը պիտի տեւէ մինչեւ 25 Հոկտեմբեր: