Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած «3+3» տարածաշըրջանային խորհրդատուական հարթակի հանդիպման ներկայ գտնուած են Իրանի, Ռուսիոյ, Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները։ Հանդիպման չէ մասնակցած Վրաստանը եւ յիշուած է, որ հետագայ հանդիպումները բաց են Վրաստանի մասնակցութեան համար։
Հանդիպումէն ետք հրապարակուած է միացեալ յայտարարութիւն եւ որոշուած է յառաջիկայ հանդիպումը իրականացնել Թուրքիոյ մէջ: