Հայրենիքի կորուստէն ետք, մենք կը կորսնցնենք արդէն մեր ինքնութեան կարեւորագոյն բաղադրատարրերէն մէկը՝ մշակութային ժառանգութիւնը, նիւթական թէ ոչ-նիւթական։ Իսկապէս, Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւումէն ետք, մեր հայկական մշակութային ժառանգութեան զգալի մէկ հատուածը փաստօրէն կը գտնուի կորուստի եզրին։
168 TV-ի «Ռիվիւ» հաղորդաշարի եթերին խօսելով Ատրպէյճանի բռնագրաւման ենթակայ դարձած հայկական մշակութային ժառանգութեան ճակատագրին մասին, ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեան։
Արցախի Հանրապետութիւնը բաւականին հարուստ մշակութային ժառանգութիւն ունի։ Փոխնախարարի փոխանցմամբ՝ մինչեւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը՝ ըստ ցուցակներու հաշուառուած է մօտ 4012 յուշարձան, հաշուառումը շարունակուած է նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, հետեւաբար՝ յուշարձաններու թիւը բաւական մեծ է։
«Դեռ կան չբացայայտուած յուշարձաններ, որոնք, ցաւօք, այսօր կը գտնուին կորուստի եզրին։ Այս տարիներուն ընթացքին մենք աշխարհին ներկայացուցած ենք մեր յուշարձանները տարբեր ցուցահանդէսներու, ֆիլմերու միջոցով։ Մշակութային իւրացումը կամ մշակութային ցեղասպանութիւնը Ատրպէյճանի քաղաքականութեան մէջ նորութիւն չէ։ 1920-30-ական թուականներէն սկսեալ, եթէ այդ ամէնը կը քողարկուէր մարտնչող անաստուածութեան գաղափարախօսութեան տակ, երբ յատկապէս սկսան եկեղեցիներու քանդումն ու աւերումը ողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին, իսկ Խորհրդային Ատրպէյճանը ատիկա լայնածաւալ կերպով կը կատարէր ոչ միայն ԼՂԻՄ տարածքին, այլեւ անոր յարակից հայաբնակ շրջաններուն մէջ՝ Քարհատ, Շահումեան եւ այլն։
Փաստօրէն, այս ամէնը հետագային լայն ծաւալ ստացաւ մեր պատմամշակութային ժառանգութեան իւրացմամբ 1950-ականներու վերջաւորութեան եւ ամբողջական 60-ականներուն, երբ Խորհրդային Ատրպէյճանը սկսաւ իր ժողովուրդի ծագման՝ այսպէս կոչուած, աղուանական սկզբունքի՝ տեսութեան լոյսին ներքեւ ստեղծել ամբողջական դպրոց մը, որպէսզի կովկասեան Աղուանքի թէ՛ պատմութիւնը, թէ՛ ժառանգութիւնը իւրացուի իր կողմէ եւ ինք ներկայանայ՝ որպէս Կովկասի բնիկ ժողովուրդի հայրենիք», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ այսօր արցախահայութիւնը ոչ միայն կ’ենթարկուի ցեղային զտման կամ ցեղասպանութեան, այլեւ մշակութային ցեղասպանութեան։