Պաղեստինի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Իսրայէլ կը սպառնայ Կազզայի մանուկներու «Ռանթիսի» հիւանդանոցը հրթիռակոծել եւ հիւանդանոցի վարչակազմին զայն պարպելու կոչ կ՚ուղղէ։
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ հիւանդանոցէն ներս շուրջ 70 փոքրիկի կեանքը վտանգի տակ է իսրայէլեան սպառնալիքներուն լոյսին տակ, շեշտելով, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է կանխէ այս անմարդկային արարքները։
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ միջազգային հանրութիւնը բժշկական անձնակազմին եւ վիրաւորներուն պաշտպանութեան ամբողջական պատաախանատուութիւնը կը կրէ։