«Իրաւունք» թերթը կը գրէ. «Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու «մերձեցման» գործընթացին, Իսթանպուլի հայկական «Ակօս» պարբերականի հայերէն բաժինի պատասխանատու խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան յայտնած է.
«Մենք բանակցութիւններով չէ, որ սահմանը փակած ենք, հետեւաբար բանակցելու կարիք չունինք: Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը դիմէ բանակցութիւններու, սա պիտի ըլլայ անոր սխալը։ Թուրքերը փակած են, իրենք ալ թող բանան: Մենք մինչ օրս որեւէ պայման չենք դներ՝ ի տարբերութիւն թրքական կողմին: Մենք ընելու ոչինչ ունինք. կ’ուզէք՝ բացէք, չէք ուզեր՝ ոչ, ձեր հարցն է, մեր սահմանը միշտ բաց է: Մեզի համար Թուրքիան թշնամի երկիր է, որովհետեւ մեզի դէմ շրջափակում կ’իրականացնէ: Մենք Թուրքիոյ հետ խօսելիք չունինք: Այս ռազմավարութենէն ամենաշատը ես ինքս՝ Բագրատս, տուժած եմ: Բայց պէտք չէ մեզ նկատի առնել, սա երկրի քաղաքականութիւն է: Հայաստան երբեք պէտք չէ Թուրքիոյ դէմ գործէ փոքր երկրի դիրքով:
Պէտք է ըսէ, որ մենք հաւասար անկախ պետութիւններ ենք, ես ունիմ իմ զօրքը, ունիմ իմ համակարգերը, դուն քո գործիդ գնա: Ինծի համար նշանակութիւն չունի, որ իմ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չես հաստատած. Ատիկա թշնամական վերաբերմունք է»: