Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ երէկ երեկոյեան ժամանեց Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատ՝մասնակցելու Արաբական Լիկայի արտակարգ գագաթնաժողովին։

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, Խալէտ թագաւորի անուան միջազգային օդակայանին մէջ նախագահը դիմաւորեցին Ռիատի շրջանի իշխանի փոխանորդ Մուհամմէտ պըն Ապտուլ Ռահման պըն Ազիզ ալ-Սէուտը, Ռիատի շրջանի քարտուղարն ու ոստիկանապետը։

Այսօր գումարուող Արաբական Լիկայի արտակարգ գագաթնաժողովը պիտի քննէ Պաղեստինի բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ տիրող կացութիւնը եւ Կազզայի վրայ Իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով օրական դրութեամբ արձանագրուող հարիւրաւոր նահատակներու, վիրաւորներու եւ մարդկային աննախադէպ ողբերգութեան պատճառ դարձած վիճակը։