ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ կայացած «Խաղաղութեան 6-րդ Համաժողովի» քննարկումի հարց ու պատասխանի ընթացքին անդրադարձած է պաշտօնական Պաքուի կողմէն յառաջ մղուող «Արևմտեան Ատրպէյճան» ծաւալապաշտական թէզին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, Նիկոլ Փաշինեան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէն աճող հռետորաբանութեան վրայ, որով Հայաստանի Հանրապետութիւնը անուանուած է «Արևմտեան Ատրպէյճան»։
«Սա շատ մտահոգիչ ուղերձ է, յատկապէս, որ այս խօսոյթը հունաւորուած է կառավարութեան կողմէն։ Հետեւաբար կայ շատ պարզ հարց մը` չկայ յաւելեալ փաստարկներու կարիք։ Եթէ Ատրպէյճան վերահաստատէ այն երեք սկզբունքները, որոնց շուրջ մենք համաձայնութեան հասած ենք Ատրպէյճանի նախագահին մասնակցութեամբ, ատիկա կը նշանակէ, որ մենք կրնանք շարունակել յառաջխաղացքը», ըսած է ՀՀ վարչապետը։