Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ըսաւ, որ կարելի չէ Կազզայի վրայ յարձակումը անջատել սէոնիստական շարժման պաղեստինցիներուն դէմ ընդհանրապէս ի գործ դրած կոտորածներու բովանդակութենէն, նկատել տալով որ եթէ այսօր թշնամիին հետ շարունակենք նման ոճով վերաբերիլ, մենք մեր ձեռքով ճամբայ պիտի հարթենք կոտորածներու շարունակութեան՝ մինչեւ ժողովուրդին բնաջնջումն ու հարցին վերջնական թաղումը։

Նախագահ Ասատ Ռիատի մէջ 11 Նոյեմբերին գումարուած Արաբական Լիկայի արտակարգ գագաթնաժողովին դիտել տուաւ, որ այս ժողովին առիթ ստեղծած արտակարգը ո՛չ թէ սպանութիւնը կամ թշնամանքն են,—այս երկուքը արդէն կը շարունակուին ու կը բնորոշեն այս կազմակերպութիւնը,— արտակարգը այն է, որ սիոնիզմը այս անգամ բարբարոսութեամբ ինքզինք կը գերազանցէ։

Ասատ ընդգծեց, որ արաբական երկիրներուն ունեցած նուազագոյն լծակը քաղաքական իսկական գործիքներն են, ո՛չ թէ հռետորութիւնն ու հաղորդագրութիւնները, հետեւաբար արաբական երկիրներուն առաջին քայլը սիոնիստական ​​կազմակերպութեան հետ քաղաքական իւրաքանչիւր գործակցութեան, ուղիի դադրեցումը պէտք է ըլլայ, որպէսզի նման ուղիի վերականգնումը պայմանաւորուի պաղեստինցիներուն նկատմամբ կազմակերպութեան ոճրային արարքներու անյապաղ եւ երկարաժամկէտ դադրեցումով ու մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւններու Կազզա մուտք գործելով: