Ռիատի մէջ գումարուած Արաբական Լիկայի արտակարգ գագաթնաժողովին շրջագիծէն ներս, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ ֆաթթահ ալ-Սիսիի հետ։
Նախագահները խորհրդակցեցան իսրայէլեան գրոհին լոյսին տակ պաղեստինեան հողերուն իրավիճակին եւ Սուրիոյ իրավիճակին շուրջ։
Անոնք շեշտեցին միացեալ աշխատանքին դերակատարութիւնը՝ Կազզայի ժողովուրդին զօրակցելու գծով, ինչպէս նաեւ դատապարտեցին պաղեստինցի ժողովուրդը Կազզայէն տեղահանելու իսրայէլեան քաղաքականութիւնը։
Նախագահ Ասատ յայտնեց, որ Կազզայի դէմ մղուած գրոհը Իսրայէլի կողմէ նոր փորձ մըն է Պաղեստինեան Դատը մշուշապատելու իմաստով։
Իր կարգին նախագահ Սիսի յայտնեց, որ Եգիպտոս կը մերժէ Իսրայէլի կողմէ Կազզայի ժողովուրդին տեղահանելու փորձերը։ Ան շեշտեց, որ Եգիպտոս նեցուկ կը կանգնի Սուրիոյ՝ ահաբեկչութեան դէմ իր պատերազմին մէջ եւ կը շեշտէ Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը։