Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան ընթացքին Թուրքիոյ իշխող Ազատութիւն եւ Զարգացում կուսակցութիւնը թոյլատրած է Թուրքիոյ նաւահանգիստէն քարիւղ տեղափոխել Իսրայէլ։
Այս մասին կը տեղեկացնէ «Bloomberg»  գործակալութիւնը աւելցնելով, որ Ատանայի Ճէյհան նաւահանգիստէն դուրս գալով  «Seaviolet» 900 մեթրնոց քարիւղատար նաւը աւելի քան 1 մլն. բարել ատրպէյճանական քարիւղ  տեղափոխած է Իսրայէլ։ Կը յիշուի, որ քարիւղատար նաւերը ժամանած են Յորդանանի Աքապէ նաւահանգիստ  եւ  «Bloomberg»-ի հետ զրոյցի ընթացքին որոշ աղբիւրներ հաստատած են, որ իսրայէլեան «Paz oil»-ին կողմէ գնուած քարիւղին բարելները կը հասնին Իսրայէլի Էյլաթ նաւահանգիստ։