ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամներու Սիւնիքի մարզ կատարած երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Կապանի մէջ հանդիպում տեղի ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամինի հետ:
Հանդիպումին մասնակցած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Գերագոյն Մարմինի նախագահ Աշոտ Սիմոնեան, Գերագոյն Մարմինի անդամ Գեղամ Մանուկեան եւ ՀՅԴ Սիւնիքի Մարզային Կոմիտէի ներկայացուցիչ Գագիկ Ղարամանեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ընդհանուր հետաքրքրութիւններ ներկայացնող հարցեր: Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսը ներկայացուցած է հիւպատոսարանի կողմէն իրականացուող ծրագիրները:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցութիւն ցուցաբերելու ծրագիրներու իրականացման համար: