Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատի եւ Դամասկոսի մէջ Հարաւային ամերիկայի դիւանագիտական պատուիրակութիւններու նախագահներու եւ դեսպաններու ներկայութեամբ, Սուրիոյ ԱԳ Նախարարութեան դիւանագիտական հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Իմատ Մուսթաֆա եւ Դամասկոսի մէջ Քուպայի դեսպան Լուիս Մարիանօ Ռոտրիկէզ, փոխան Քուպայի ԱԳ Նախարարութեան միջազգային յարաբերութեան բարձրագոյն հիմնարկին, ստորագրեցին երկու հիմնարկներուն գործակցութեան համաձայնագիր։
Այս առիթով, Սուրիոյ ԱԳ նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց Սուրիոյ եւ Քուպայի պատմական յարաբերութիւնները։ Ան կարեւոր արդիւնաւէտ գործակցութեան արդիւնք համարեց այս համաձայնագիրը։
Իր կարգին Քուպայի դեսպանը ներկայացուց երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը, անդրադառնալով միջազգային հարթակներու վրայ իրար զօրավիգ կանգնելու երկու երկիրներու դրական մօտեցումին։