Մեծ զարմանքով եւ զայրոյթով հետեւեցանք Լիբանանի աշխատանքի նախարարին՝ Իսլամական երկիրներու համագումարին կատարած յայտարարութիւններուն։ Նախարարը անտեղի համեմատութիւն կատարեց լիբանանեան դիմադրութեան եւ «ատրպէյճանական դիմադրութեան» միջեւ՝ ոգեկոչելով Ատրպէյճանի «դիմադրութեան նահատակները»։

Այսու կու գանք հաստատելու, որ՝

-Ատրպէյճանի պատմութիւնը հարուստ է գրաւումներով, ջարդերով եւ ցեղային զտումներով,

-Ատրպէյճանը ոչ թէ դիմադրող երկիր եղած է , այլ բռնագրաւող, որուն դէմ պաշտպանութեան դիմած է հայ ժողովուրդը եւ դիմած ազատագրական պայքարի,

-նախարարը պարտաւոր էր հաշուի նստիլ Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կատարած այն յայտարարութիւններուն հետ, որոնք ընդգծած են Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը,

-նախարար Պայրամ անտեսած է նաեւ իսլամական վեհաժողովներուն ընթացքին Լիբանանը ներկայացնող իրերայաջորդ պատուիրակութիւններու դիրքորոշումները Պաքուի ներկայացուցած հակահայ բանաձեւերուն նկատմամբ։

Մեր կողմէ, իրեն եւ իր ներկայացուցած կուսակցութեան պատասխանատուներուն ուղղուած դատապարտանքին եւ բացատրութեան պահանջներուն, Նախարար Պայրամ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած է որոշ յստակացումներ, թէ ինք հայութեան դէմ ուղղուած որեւէ ակնարկութիւն չէ կատարած, այլ փրոթոքոլային սահմաններու մէջ տուրք մատուցած է խորհրդային ուժերուն դէմ պատերազմի ընթացքին սպանուած ատրպէյճանցիներուն։

Աշխատանքի նախարարը կը ներկայացնէ լիբանանեան քաղաքական այն հոսանքը, որուն հետ Դաշնակցութիւնը ունի բնականոն եւ գործակցական յարաբերութիւններ։ Կ՛ուզենք հաւատալ, որ նախարարը իր ներկայացուցած կուսակցութեան կեցուածքը չի ներկայացներ։

Լիբանանը բաղկացնող բոլոր ուժերն ու պետական դէմքերը անհրաժեշտ է, որ նկատի ունենան այս երկրի կարեւորագոյն համայնքներէն մէկուն ազգային առաջադրանքները, հայ ժողովուրդին այս օրերու կրած տառապանքներն ու ոտնակոխուած իրաւունքները։ Մանաւանդ, որ անոնք արտայայտուած են պետական տարբեր յայտարարութիւններով եւ պաշտօնական դիրքորոշումներով։

Աշխատանքի նախարարէն կ՛ակնկալենք յաւելեալ յստակացում, որպէսզի պարզ դառնան այն բոլոր հանգամանքները, որոնց մէջ ան կատարած է խնդրայարոյց եւ մեզի համար մերժելի յայտարարութիւնները։

ՀՅԴ Տեղեկատուական Գրասենեակ

25 Նոյեմբեր 2023