Բռնագրուած Արցախի Իւանեանի շրջանի Մէշալի գիւղին մէջ իբրեւ թէ «ապօրինի հայկական զինեալ կազմաւորումներու կազմին մէջ ցեղասպանութեանը մասնակցելու» համար մեղադրուող արցախցի Վագիֆ Խաչատրեանի քրէական գործով դատարանի որոշումին դէմ վերաքննիչ բողոք ներկայացուած է։
Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբան Ռատմիլա Ապիլովան՝ ի պատասխան Report-ի խնդրանքին։
Անոր խօսքին համաձայն, Պաքուի վերաքննիչ դատարանի Խաչատրեանի նկատմամբ առնուած դատավճիռը բեկանելու համար բողոք ներկայացուած է։
Յիշեցնենք, որ Պաքուի զինուորական դատարանի դատավիճռով Վ.Խաչատրեան դատապարտուած է 15 տարուան բանտարկութեան։ Առաջին 5 տարիները ան պէտք է կրէ բանտին մէջ, իսկ մնացածը՝ խիստ վարչակարգի պայմաններուն մէջ։