«Գիրքերը աշխարհի արտացոլանքն են, որոնք կը պարունակեն անոր անսահման խորութիւնը, բազմազանութիւնն ու անկանխատեսելիութիւնը» Ժան Փօլ Սարդր։
Ահա այս պարզ, բայց այնքան խորիմաստ սկզբունքէն մեկնած, Քուէյթի արուեստի եւ գրականութեան խորհուրդը ամէն տարի Քուէյթի «Արտ ալ-Մաարէտ» ցուցասրահներէն ներս կը կազմակերպէ գիրքերու ընդարձակ եւ բովանդակալից ցուցահանդէս մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ծոցի երկիրներու եւ տարածաշրջանի զանազան երկիրներ։
Շարունակելով նշեալ աւանդոյթը, Չորեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2023-ին բացումը կատարուեցաւ տարեկան ցուցահանդէսի 46-րդ տարբերակին, «Իւրաքանչիւր հետաքրքրութիւն ունի իր իւրայատուկ գիրքը» նշանաբանով, մասնակցութեամբ 29 երկիրներէ 486 նշանաւոր հրատարակչատուներու՝ 2023 թուականին լոյս տեսած 11000 նորատիպ գիրքերով։
Այս շրջագծէն ներս, Կիրակի, 26 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Քուէյթի մէջ հանրայայտ «Զաթ ալ-Սալասէլ» հրատարակչատունը, որ իր հարուստ հաւաքածոյով կը մասնակցէր վերոնշեալ ամէնամեայ ցուցահանդէսին, իր տաղաւարին մէջ տեղ տուաւ եւ կազմակերպեց՝ գրականութեան, գիրի եւ խօսքի անխոնջ սպասարկու, «Կիլիկեան Ասպետ»-ի շքանշանակիր Կիրակոս Գույումճեանի «ԻՄ ԵՐԹԸ ԵՐԿԱԹԻՆ ՀԵՏ» արաբերէն նորատիպ գիրքին մակագրութեան։ Աւելցնենք, որ գիրքը լոյս տեսաւ նոյնինքն «Զաթ ալ-Սալասէլ» հրատարակչատունէն։
Արդարեւ, յայտագիրը սկսաւ հրատարակչատան տնօրէնին սրտի խօսքով։ Ան ջերմապէս ողջունեց հեղինակին բեղուն վաստակը, ապա ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը։
Ան լուսարձակի տակ առաւ գիրքին հիմնական առանցքը կազմող երկաթի անհրաժեշտութիւնն ու անոր կերտած երկար ճանապարհորդութիւնը՝ պատերազմական սուրերու պատրաստութենէն մինչեւ օդանաւի եւ սուզանաւի հնարումը, որոնց կարեւորագոյն բաղադրիչը նոյնինքն երկաթն է։
Իսկոյն, խօսք տրուեցաւ գիրքի հեղինակ Կիրակոս Գույումճեանին, որ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց կազմակերպիչ մարմնին ու բոլոր ներկաներուն, որոնք եկած էին իրենց խնդակցութիւնը յայտնելու սոյն գիրքին անդրանիկ ընծայման ուրախ առիթով։
Նշենք, որ ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան, որուն կ’ընկերակցէին՝ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանն ու Թեմական Խորհուրդի եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ներկայ էին Քուէյթի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան, ՀՀ Հիւպատոս Արա Մաթէոսեան, ՔԱՎ-ի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան ու հայ եւ օտար գրասէրներու ընտրանի մը։
Աւարտին, շարք մը քուէյթեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ հարցազրոյցներ ունեցան հեղինակին հետ, ինչպէս «Ալ-Անպաա», « Ալ-Սիասէ», «Ալ-Ճարիտէ» եւ «Ալ-Ուասաթ» թերթերը, որոնք գեղեցիկ կերպով արձագանգեցին իրենց պաշտօնական էջերուն վրայ։
Տեղին է նշել, որ 13 գլուխներէ բաղկացած այս գնահատելի աշխատասիրութեամբ հեղինակը յաջողեցաւ շունչ, հոգի ու մարմին տալ անշնչացած մետաղին՝ երկաթին, գեղեցիկ կերպով անոր գովքը հիւսել, հմտօրէն հրամցնել հացահատիկին եւ աղին չափ արժէքաւոր այս իւրայատուկ մետաղին պատմական, գիտական ու մշակութային արժէքը մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան կեանքին մէջ։
Արհեստական բանականութեան այս արագընթաց դարաշրջանին մէջ, նման գիրքի մը հրատարակութիւնը անկասկած խիզախութիւն ու յանդգնութիւն կ’ենթադրէ։ Կիրակոս Գույումճեան այսօր հանրութեան տրամադրութեան կը յանձնէ իր նորատիպ հատորը, հարստացնելով պատմական ժառանգութիւն ունեցող արաբական գրականութեան անդաստանը։
Ան առաջին հայ հեղինակն է, որ արաբերէն լեզուով հրատարակած է նմանօրինակ գիրք մը, որ ցուցադրուեցաւ այսպիսի միջազգային ցուցահանդէսի մը ընթացքին։
Գրիչդ դալար՛ եւ միշտ հոսո՛ւն մնայ, պարո՛ն Կիրակոս։
«Գիրքը մարդուն ընկերն է, իսկ ընկերներուն պէտք է կարենալ ընտրել» եկէ’ք ընտրենք «Իմ Երթը Երկաթին Հետ» հետաքրքրաշարժ գիրքը եւ հաճելի շրջագայութիւն մը ընենք անոր ծալքերուն մէջ։