ՍՕ Խաչի «Սեւան» մասնաճիւղի կազմակերպած «Սեւանի Օր»-ը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս:

Շրջանային Վարչութեան, նստավայրի մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ «սեւանական»-ներու ներկայութեան ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ՍՕ Խաչի քայլերգով, ապա «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպրուհի Մարինա Պօզեագալեան հրաւիրեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Սոնա Տարագճեանը արտասանելու բացման խօսքը։

Տարաքճեան շեշտեց որ «Հայ կինը միշտ եղած է եւ կը մնայ նոր սերունդներու ամէնէն յանձնառու դաստիարակը: ՍՕ Խաչը, որպէս կանացի կազմակերպութիւն, գութի, օգնութեան եւ մարդասիրական նուիրումի ըմբռնումով տոգորուած դարձաւ գործնական, ճշմարիտ, ընդհանուր եւ յարատեւող կազմակերպութիւն մը»: Ընկերուհին յատկապէս անդրադառնալով շնորհաւորեց վարչութիւնը եւ ընկերուհիները «Սեւան »մասնաճիւղի հիմնադրման 38-ամեակին առիթով, մաղթելով աննահանջ երթ եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն:

Օրուան հանդիսավար Մարինա Պօզեագալեան պարբերաբար ընթերցեց օրուան առնչուող մէջբերումներ, հերթաբար հրաւիրելով գեղարուեստական յայտագիրի հետեւեալ մասնակիցները.
-Դաշնամուր, «Վաղարշապատի Պարը», կատարողութեամբ Սէլա Պազարպաշեանի,
-Ջութակ, «Երազ Իմ Երկիր», կատարողութեամբ Սերենա Պէրպէրեանի, – «Սասունցիների պարը» ասմունքեց Դիա Քէշիշեան, որմէ ետք պարուսոյցներ՝ Լիլիթ Նալպանտեանի եւ Ալիսիա Լախոյեանի գեղ. ղեկավարութեամբ, նազ պարով ելոյթ ունեցան «Սարդարապատ» պարախումբէն փունջ մը աղջիկներ:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր «Սեւան» մասնաճիւղի պատմականը իր հիմնադիր սերունդի երիցագոյն ընկերուհիներու աշխատանքով մէկտեղուած:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան: Ան նշեց, թէ ինչպէս արտասանուող խօսքը մարդոց վրայ ազդեցութիւն կ’ունենայ, ըլլայ դրական կամ ժխտական։ Նաեւ անդրադարձաւ գնահատող ու քաջալերող հայ կնոջ դերին, թէ ինչպէս պէտք է հայ կինը ճշմարտութիւնը առարկայ դարձնէ իր լեզուին, ըլլայ բարեացակամ, ծառայասէր եւ ազգանուէր։ Ղազարեան օրինակներ բերաւ հայ գրականութեան յայտնի դէմքերէն Զապէլ Եսայեանն ու Զապէլ Ասատուրը:

Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինով Կալին Պալապանեանի «Մշոյ աղջիկ»-ը մեներգեց:

Այնուհետեւ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարինա Գէւոյեան գնահատեց «Սեւանի Օր»ուան ձեռնարկին պատրաստութեան համար աշխատող բոլոր անդամուհիները՝ անոնց մաղթելով ուժ, կորով եւ յաջող երթ :

Աւարտին յուշանուէրներ բաժնուեցան օրուան բանախօսին եւ գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցներուն:

Ձեռնարկը փակուեցաւ ՍՕ Խաչի քայլերգով: