Աֆղան-անգլիահպատակ վիպագիր Սալման Ռուշտի իրաւամբ ըսեր է.
«Բանաստեղծութիւնը չի կրնար փամփուշտ մը կեցնել,
Վէպ մը չի կրնար ռումբ մը քակել,
Բայց մենք այնքան ալ անօգ չենք,
Կրնանք բարձրաձայն խօսիլ ճշմարտութեան մասին
Եւ ստախօսներուն անունները յայտարարել».
Ի՞նչ կրնայ ընել սակայն արուեստագէտը՝ գրագէտ, նկարիչ, քանդակագործ թէ երաժիշտ, պատերազմներու ընթացքին: Եւ եթէ նկատի առնենք, թէ այսօր քանի-քանի ճակատներու վրայ եւ երկիրներու մէջ պատերազմը կ’ընթանայ իր ամէնէն կատաղի ձեւով, կը հասկնանք, թէ արուեստագէտներուն համար պայքարի միակ ձեւը ստեղծագործելն է:
Հակառակ անոր, որ գրեթէ դար մը առաջ հիմնուեր է «Փրկենք Մանուկները» կազմակերպութիւնը, անգլիացի ընկերաբան Էկլանթին Ճէպի կողմէ (Eglantyne Jebb1876-1928), մանուկները կը շարունակեն մնալ պատերազմէն ամէնէն աւելի վնասուող կողմը:
«Փրկենք Մանուկները» կազմակերպութեան առաքելութիւնն է՝
Ա.- Նուիրուածութիւն երեխաներու բարօրութեան եւ շահերուն.
Բ.- Կեանքի անվտանգութեան ապահովում.
Գ.- Զարգացման իրաւունք եւ գիտութեան ջամբում.
Դ.- Յարգանք մանուկի նկատմամբ:
Որքան դիւրին է նման կազմակերպութիւններ հիմնելն ու առաքելութեան կէտեր որոշելը, մինչ ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը պիտի ըլլար պատերազմներ … չստեղծելը:
5 Յունիս 2023-ին կատարուած զեկոյց մը կ’ըսէ, թէ 2022 թուականին պատերազմներէն վնասուած մանուկներուն թիւը  եղած է մօտաւորապէս 468 միլիոն երեխայ: Այս թիւը 2,8 տոկոսով աւելի է 2021-ի համեմատ:
Այս մտորումներուն մէջ էի, երբ համացանցի բաւիղներէն մէկուն մէջ հանդիպեցայ ուքրանացի նկարիչի մը՝ Ալեքսանդր Շաթոքինի մանկական վերջին գիրքին, որ լոյս տեսեր է Յունուար 2023-ին, ներշնչուած ռուս-ուքրանական պատերազմէն եւ անոր ընթացքին մանուկներուն կրած տառապանքէն:
«Դեղին Թիթեռնիկ» կը կոչուի մանուկներու առաջին խմբաւորումին համար գրուած այս գիրքը:
Դեղին թիթեռնիկի խորհրդանիշը նախապէս երեւցած է գոլոմպիացի վիպագիր Գաբրիէլ Կարսիա Մարքէզի 1967-ին լոյս տեսած «Հարիւր Տարուան Մենութիւն» վէպին մէջ, ուր դեղին թիթեռնիկներ – որպէս խոհրդանիշ սիրոյ եւ յոյսի –  կը հետեւին հերոսին՝ Մորիսիօ Պապիլոնիայի, ո՛ւր որ երթայ:
Այլ գիրքի մը մէջ՝ «Թիթեռնիկ Դեղին», հեղինակութեամբ վիէթնամցի գրագիտուհի Թաննա Լիի, կը խօսուի Վիէթնամի պատերազմին վերջին օրերուն մէջ փոքրիկ հերոսուհիի մը արկածախնդրութիւններուն մասին, եղբայրը փնտռելու ճամբուն վրայ: Եւ թիթեռնիկը կրկին կը դառնայ խորհրդանիշը յոյսի, վճռակամութեան, սիրոյ եւ վերապրումի:
Շաթոքինի գիրքը սակայն կը տարբերի այլ գիրքերէ, որովհետեւ նախ ամբողջ գիրքը իրագործուած է ուքրանական դրօշին գոյներով՝ դեղին-կապոյտով. ապա՝ գիրքը գրեթէ անբառ է, այսինք գրութիւն չունի, միայն պատկերներ են:
Սպասելի է անշուշտ, որ մայր մը կամ մեծ-մայր մը փոքրիկին հետ նստած խօսի անոր պատերազմին մասին, որմէ մի՛շտ եւ ամէ՛ն տեղ ամէնէն աւելի փոքրերն են որ կը տառապին եւ … չեն հասկնար կատարուածը:
Պատերազմները անոնց հոգիներուն մէջ շատ խորունկ վէրքեր կը սերմանեն, որոնք ժամանակին հետ իսկ չեն սպիանար, եւ ապագային տարբեր ձեւերով՝ յաճախ նոյն բրտութեամբ դուրս կու գան, զիրենք եւ իրենց շուրջինները նոյնքան ծանր կացութիւններու մատնելով:
Այլ խօսքով՝ պատերազմներուն աւարտէն ետք իսկ պատերազմը կը շարունակէ իր աւերը գործել փոքրերուն հոգիին մէջ:
Իւրաքանչիւր պատերազմ պատերազմ է մանուկներուն դէմ, կ’ըսէ թեւաւոր խօսքը:
Շաթոքինի գիրքը, պատերազմին ընթացքին իրապէ՛ս շլմորած, յանկարծակի կերպով սկսած բիրտ դէպքերէն ոչինչ հասկցող աղջնակին ընկերակցող դեղին թիթեռնիկին միջոցով յոյս կը սերմանէ եւ հաւատք, թէ գալիքը պիտի ըլլայ նոյնքան լուսաւոր, որքան նախապատերազմեան օրերն էին:
Պատերազմի արուեստ, մանաւանդ գրականութիւն մի՛շտ ալ եղեր է՝ պատերազմական օրագրութիւններ, յուշագրութիւններ, անկէ ծնած բանաստեղծութիւն, յաճախ նաեւ գեղանկարներ եւ քանդակներ: Սակայն ասոնց մէկ չնչին տոկոսն է միայն, որ կեդրոնացած կ’ըլլայ մանուկներուն, անոնց կրած տառապանքին եւ երեւոյթին առջեւ անոնց ապրած շլմորանքին վրայ:
Արցախեան երեք պատերազմներուն մասին ունինք որոշ թիւով գրականութիւն: Առաջին պատերազմին անմիջապէս յաջորդող շրջանին, «Բագին» հաստափոր թիւ մը նուիրած էր այդ պատերազմին (Պէյրութ, 1990, թիւ 9-12):
Հակառակ անոր, որ բազմաթիւ գիրքեր լոյս տեսած են Արցախեան պատերազմին մասին, զայն նկարագրող կամ ազատամարտիկներու քաջութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու զոհաբերումը գովերգող, սակայն անոնց մէջ կը պակսին մանուկներու մասին գործեր, կամ մանուկներուն համար գրուած, պատերազմը բացատրող եւ անոնց ներքին անդոհանքը մեղմել փորձող գործեր:
Եթէ նկատի առնենք, թէ գրականութեան մէջ բախումը չորս տեսակ է՝ բախում անձին հետ, բախում այլին հետ, բախում շրջապատին հետ եւ բախում գերբնականին հետ, պիտի տեսնենք թէ որքա՜ն կարեւոր կը դառնայ մանուկներու պատերազմական գրականութիւնը, այս չորսէն գոնէ երկուքը բացատրելու համար:
Արձակագիր եւ բանաստեղծ, բնիկ արցախցի Հերմինէ Աւագեան, որ նաեւ Արցախի «Համազգային»-ի գրասենեակին տնօրէնն էր, որ Արցախի նուիրուած «Ապրելու Ձայնը» մշակութային օրերու բացման հանդիսութեան իր խօսքին մէջ ըսած է.
«Պատերազմը միայն սահմանին չէ, սահմանից այս կողմ ուրիշ պատերազմ է՝ մշակոյթի, գրականութեան, ազգային արժէքների պահպանման ու տարածման. ու այս ասպարէզներում իւրաքանչիւր յաղթանակ մեր ինքնութեան պահպանման, արժանապատիւ ապագայ ունենալու գրաւականներից է»:
Իսկ վաղուան մեր մշակոյթը բնականաբար պիտի նստի նոր սերունդին ուսերուն, մանաւանդ Արցախի նոր սերունդին,
որուն մղած պատերամները եւ կրած տառապանքները կարեւոր մաս մը կը կազմեն մեր արդի պատմութեան եւ որպէս այդպիսին կարեւոր տեղ պէտք է ունենան մեր արուեստներուն մէջ:
Երեւանի  մէջ բացուած են (վստահ չեմ՝ մէ՞կ, թէ աւելի) գրասենեակներ, պատերազմէն ետք մանուկներուն հոգեբանութեան վերականգնումին համար:
Պէ՛տք է սակայն խոստովանիլ, թէ այդ գրասենեակներուն կամ դարմանատուներուն տուած օգնութեան չափ կարեւոր են հեքիաթներն ու հեքիաթանման պատումները, որոնք մանուկներուն համար հասկնալի ձեւով կը ներկայացնեն պատերազմին իրողութիւնն ու անդոհանքը, որմէ վերջերս կարծես փախուստ չունի մարդկութիւնը, ո՛ւր ալ որ ապրած ըլլայ, դժբախտաբար:
Մարուշ Երամեան