Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներն ու փոխվարչապետները պիտի հանդիպին, այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ապահովութեան խորհուրդի (Այսուհետեւ՝ ԱԽ) քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։
Ան դիտել տուաւ, որ օրուան, ժամուն եւ տեղին առնչուող մանրամասնութիւնները ցարդ յստակ չեն։
Գրիգորեան ըսաւ, որ խաղաղութեան պայմանագրութեան առնչութեամբ Հայաստան ստացած է Ատրպէյճանի տարբերակը, որ  4 Յունուարի պատասխանն է։
«Կը շարունակենք աշխատիլ, կը կարծեմ, որ երբ արտաքին գործոց նախարարները հանդիպին, պիտի քննարկեն խաղաղութեան պայմանագրութիւնը», յայտնեց ան։
ԱԽ քարտուղարը աւելցնելով ըսաւ, որ ցարդ յստակ չէ, թէ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումը երկկո՞ղմ կ’ըլլայ, թէ՝ միջնորդներու մասնակցութեամբ։