Հայաստանի մէջ Քանատայի դեսպան Էնտրու Թըրնըր 22 Փետրուարին այցելեց Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ։
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Քանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւնները։
Քննարկումի ընթացքին Հայ Դատի պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուեցան յանձնախումբի մտահոգութիւններն ու առաջարկները կապուած բռնի տեղահանուած Արցախի ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան գծով Քանատայի աջակցութեան։