Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հեռաձայնային կապ հաստատելով Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր՝ Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան վրայ իսրայէլեան վայրագ յարձակումին հետեւանքով ինկած իրանցի զինուորական խորհրդականներու նահատակութեան համար։

Նախագահը իր եւ Սուրիոյ ժողովուրդին անունով նահատակներու պարագաներուն եւ Իրանի սիրելի ժողովուրդին կարեկցանք ու զօրակցութիւն յայտնեց, շեշտելով որ սիոնիստական այս կազմակերպութեան բնակիչներով հոծ շրջանի մը մէջ դիւանագիտական առաքելութեան կեդրոնի հրթիռակոծումը զարմանալի չի թուիր, որովհետեւ այս կազմակերպութիւնը հիմնուած է սպանութիւններու, արիւնահեղութեան, տեղահանութեան ու ցեղասպանութեան ենթահողի վրայ։ Նախագահը դիտել տուած է, որ Կազզայի աւելի քան վեց ամիս բոլորած պատերազմը վառ ապացոյցն է այս իրողութեան։