Հազարաւոր ցուցարարներ 24 Ապրիլին հաւաքուած են Պեւըրլի Հիլզի մէջ տեղակայուած Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին մօտ՝ յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցն ու իրենց բողոքը ուղղելու Թուրքիոյ կառավարութեան, որ մինչ օրս կ’ուրանայ Հայոց
Ցեղասպանութեան փաստը: Ցոյցը ինչպէս նախորդ տարիները կազմակերպած էր ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութիւնը:
Նախաձեռնութեան անդրադարձած է CBSNews-ը՝ յատուկ շեշտելով այն իրողութիւնը, որ Ճօ Պայտըն ԱՄՆ-ի առաջին նախագահն է, որ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
«2021 թուականէն Հայաստանը սահմանային հակամարտութեան մէջ է Ատրպէյճանի հետ, որուն աջակցած է Թուրքիան, մինչդեռ շատ ցուցարարներ ըսին, որ Միացեալ Նահանգներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այնպիսի վայրերու վրայ, ինչպիսիք են Ուքրանիան եւ Մերձաւոր Արեւելքը», ըսուած է CBSNews-ի նիւթին մէջ։
CBSNews-ի տեղեկութեան համաձայն, ցոյցեր կազմակերպուած են նաեւ Հոլիւուտի «Փոքրիկ Հայաստան» հատուածին մէջ։ Լոս Անճըլըսի եւ Կլէնտէլի դպրոցները փակուած էին՝ յիշատակի օրուան համար, քանի որ 2022 թուականին Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսոմ օրէնք ստորագրած է, որ թոյլ պիտի տայ պետական դպրոցները փակել Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առիթով:
ՀԵԴ ցոյցէն բացի, Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայկական այլ համայնքներուն մէջ եւս բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցած են։