Սուրիական Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարութիւնը վարչական հրամանագիր մը հրապարակեց, որուն համաձայն 1 Յունիս 2024-ին զօրացրւումի կ՚ենթարկուին հետեւեալ զինուորական կարգերը ունեցող զինուորական ծառայողները.

1- Զինուորական պահեստային ծառայութիւն ունեցող սպաներ, որոնք մինչեւ 31 Մայիս 2024 կը բոլորեն աւելի քան մէկ տարուան զինուորական պահեստային ծառայութիւն։

2- Պահեստային ծառայութիւն ունեցող աստիճանաւոր սպաներ եւ զինուորներ, որոնք մինչեւ 31 Մայիս 2024 կը բոլորեն աւելի քան 6 տարուան զինուորական պահեստային ծառայութիւն։