12-14 Ապրիլ 2024-ին, Թեհրանի մէջ, ՀՅԴ Բ.-ի Երիտասարդական Գրասենեակի կազմակերպած խորհրդաժողովին մասնակցիլս լաւ փորձառութիւն էր։ Երեք օրերու ընթացքին թէ՜ ծանօթացանք տարբեր քաղաքներու պատանեկան միութիւններու անդամներուն, թէ’ աւելի խոր ձեւով ըմբռնեցինք Պատանեկան Միութեան կարեւորութիւնը եւ հայապահպանման ոլորտին մէջ տարած աշխատանքը։
Խորհրդաժողովի առաջին օրը այցելեցինք «Միլատ» աշտարակը, որ աշխարհի 6-րդ ամենաբարձր աշտարակն է։ Երեւոյթը հմայիչ էր, տեսարանը` անբացատրելի։ Այնտեղէն կ’երեւէր ամբողջ քաղաքը։
Տպաւորիչ էր «Դաշնակցական Պատանի» խորագրով դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին իրազեկ դարձանք դաշնակցական պատանիի կերպարին, պարտականութիւններուն, մարդկային, բարոյական յատկանիշներուն եւ այլն։
Հանդիպում ունեցանք Թեհրանի սկաուտներուն հետ, իսկ խորհրդաժողովի երկրորդ օրը այցելեցինք «Ալիք» օրաթերթի խմբագրատուն, ծանօթացանք խմագիրին եւ խմբագրակազմի աշխատանքին ու խմբագրատան ընդհանուր մթնոլորտին, որ դրական էր ու աշխոյժ։
Մեզի հրամցուած երկրորդ դասախօսութեան նիւթը Արցախն էր, անոր անցեալի ու ներկայ իրավիճակը։ Այս դասախօսութենէն ետք զրոյցի մը ընդմէջէն խօսեցանք որպէս հայ պատանիներ մեր ընելիքներուն եւ մեր տեսակէտներուն շուրջ։
Երրորդ օրը այցելեցինք Իրանի պատմական պալատները, ծանօթացանք Թեհրանի պատմութեան եւ աւանդոյթներուն։
Խորհրդաժողովի ընթացքին զրուցեցինք պատանեկան միութիւններու յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ։
Այս խորհրդաժողովին մասնակցելով նոր ընկերներ ունեցանք`Թեհրանէն, Նոր Ջուղայէն, Հայաստանէն, Արցախէն եւ Լիբանանէն։ Ծանօթացանք Թեհրանի գեղեցիկ կառոյցներուն եւ Պատանեկան Միութեան դերն ու աշխատանքի դաշտը աւելի լաւ սերտեցինք։
Արշի Տիլպէրեան
Հալէպ, «Արամ Մանուկեան» Մսնճղ.