30 Ապրիլի առաւօտուն քաղաքացիները փակած էին Արմաւիր-Կիւմրի միջպետական ճամբան՝ յաջակցութիւն Տաւուշի։
Ցոյցի մասնակիցներու կողքին էին Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեան եւ Մհեր Սահակեան:
Քաղաքացիները կը վանկարկէին՝ «Նիկոլ դաւաճան»:
Ոստիկանութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ պէտք է բանալ ճամբան. «Երկու վայրկեան ժամանակ պիտի տանք, եթէ ճամբան չբացուեցաւ, անկէ վերջ յստակ կը դառնայ, որ ոստիկանի օրինական պահանջքը չէք կատարեր: Ոչ ոք իրաւունք ունի ուրիշին ազատ տեղաշարժը սահմանափակելու», ըսած է ան:
Գեղամ Մանուկեան նկատած է. «Հասարակական կարգը կը խախտուի ամբողջ Հայաստանին մէջ, նաեւ անվտանգային, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ անօրինական կերպով սահմանակէտեր տեղադրուած են։ Այսօր բոլոր ոստիկանները իրականութեան մէջ յարգելով ՀՀ սահմանադրութիւնը, պէտք է ըլլային կառավարութեան շէնքին դիմաց եւ ձերբակալէին ամենամեծ հասարակական կարգը խախտող Նիկոլ Փաշինեանը»:
Հակառակ ոստիկաններու պահանջքներուն՝ ցոյցին մասնակիցները երկար ժամանակ փակ պահած են ճամբան՝ յիշեցնելով, որ կը գործեն յանուն հայրենիքի:
Իրավիճակը այստեղ յաճախ լարուած է: Երթեւեկութիւնը պահ մը վերականգնած է, սակայն ցոյցին մասնակիցները կրկին փակած են ճամբան։
Որպէս աջակցութիւն Տաւուշի` երէկ առաւօտեան Երեւանի մէջ բեռնատար մը՝ «Միացիր կամ յանձնէ» գրութիւններով փակած է Միասնիկեան պողոտան: