Պաշտօնական այցելութեամբ Տոհայի մէջ գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 28 Ապրիլին հանդիպում ունեցած է Քաթարի Պետութեան վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շեյխ Մուհամմետ պըն Ապտ ալ-Ռահման ալ-Թէնիի հետ։

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն, զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են երկու երկիրներուն միջև զարգացող բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով միատեղ ջանքերով ընդլայնելու երկկողմ օրակարգը։ Նախարար Միրզոյեան շեշտած է, որ յարաբերութիւններու զարգացման դրական աշխուժութիւնը համահունչ է արաբական աշխարհի բոլոր երկիրներուն հետ ՀՀ երկկողմանի զարգացող փոխգործակցութեան։