Շուշին Իսլամական համագործակցության կազմակերպութեան երիտասարդական մայրաքաղաք հռչակելը Ատրպէյճանի կողմէ պատմութեան խեղաթիւրման հերթական փորձ է: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարութիւն տարածած է «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը:

«Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշին` որպէս 2024-ի Իսլամական համագործակցության կազմակերպութեան երիտասարդական մայրաքաղաք հռչակելը Շուշիի` հայկական ինքնութեան կեղծման և Պաքուի կրօնական երկերեսանի քաղաքականութեան հերթական դրսևորումն է:

Ատրպէյճանցիները յայտարարած են, թվ իրենց հիմնական նպատակներէն է միաւորել աշխարհի երիտասարդութիւնը և կարելիութիւն տալ տարբեր երկիրներու երիտասարդներուն ծանօթանալու Շուշիի պատմութեան ու մշակոյթին:

Նմանատիպ ձեռնարկներու միջոցով Ատրպէյճան կը փորձէ օրինականացնել Արցախի բռնագրաւումն ու արցախահայութեան ցեղային զտումները։ Շուշիի մէջ հայկական քրիստոնէական հետքը ոչնչացնելով` Պաքուն կը փորձէ միջազգային հանրութեան ներկայացնել Շուշին` որպէս ատրպէյճանական քաղաք: Զաւեշտալի է, որ Ատրպէյճան Շուշին հռչակած է Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան երիտասարդական մայրաքաղաք այն պարագային, երբ Ատրպէյճանի պետական մակարդակով բռնաճնշումներուն կ՚ենթարկուին ատրպէյճանցի իսլամները։

Ատրպէյճան այն երկիրն է, ուր միշտ ոտնահարուած են իսլամներու և կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները: Այդ երկրին մէջ բանտարկուած են հարիւրաւոր հաւատացեալներ:

Իսլամական երկիր համարուող Ատրպէյճանի մէջ յաճախակի փակուած են մզկիթներ կամ, առհասարակ, մատնուած անուշադրութեան: Արգիլուած է բարձրախօսով ազան հնչեցնելը, կրօնական բովանդակութեամբ պաստառներ փակցնելը, դպրոցներուն մէջ գլխաշոր կրելը: Սահմանափակուած է նաև հոգևորականներու` կրթութիւն ստանալու իրաւունքը: Բացի ատկէ` Իսլամական համագործակցութեան կառոյցի անդամ Ատրպէյճանը Կազզայի դէմ ռազմական գործողութիւններուն մէջ բացայայտօրէն կ՚աջակցի Իսրայելի», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հիմնադրամի յայտարարութեան մէջ նաև կը շեշտուի, որ Շուշին Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան երիտասարդական մայրաքաղաք հռչակելը Ատրպէյճանի կողմէ պատմութեան խեղաթիւրման, հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու և Շուշին ատրպէյճանականացնելու հերթական փորձ է: