«Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալը տակաւին դառն պտուղներ պիտի բերէ». «Դիւանագէտներու Համահայկական Խորհուրդ» հասարակական կազմակերպութեան կազմակերպած «Հայաստանի արդի մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման այլընտրանքային ուղիները» կլոր սեղան-քննարկման ժամանակ ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան:
Ան դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի յանձնումը աւելցուցած է անվտանգութեան ոլորտի մարտահրաւէրները, Ատրպէյճանը Հայաստանը պիտի ներկայացնէ իբրեւ յարձակողապաշտ, նոյնը կը վերաբերի Տաւուշի գիւղերուն, եւ փոխանակ Երեւանը ցեղային զտումներու յանցանքով մեղադրէ Պաքուն, դեռ հայկական կողմին պիտի մեղադրեն այդ յանցանքով:
Անոր համաձայն, կարելի չէ թոյլ տալ, որ բանը հասնի անշրջելիութեան կէտին, իսկ ատոր համար պէտք է ձեւաւորուի հանրային համախմբում, ամրապնդուի անվտանգութեան ոլորտը եւ վարուի աշխուժ դիւանագիտութիւն:
Ռուստամեան ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բացի յարձակումներ կը կատարուի Հայաստանի երկու այլ շրջանի եւ կառոյցի վրայ, որոնցմով ան հետաքրքրական է արտաքին աշխարհին, խօսքը՝ Սիւնիքի եւ Հայկական հիւլէական կայանի մասին է:
«Ամէնէն գլխաւոր հարցը այն է, որ կարո՞ղ ենք արդեօք պահպանել մեր ինքնութիւնը: Ժողովուրդին մէջ քարոզչութիւն կ՛իրականացուի, որպէսզի ապացուցուի մեր իբրեւ թէ անզօրութիւնը: Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը խնդիր դրած են զրկել մեզ ուժի արտաքին աղբիւրներէն, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները կը չորցնեն այդ աղբիւրները ներսէն: Նոյնինքն ատով պայմանաւորուած է անվերջ զիջումներու շղթան: Իշխանութիւններուն կարծիքով` Հայաստանի անվտանգութեան համակարգի երաշխաւորներն են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը: Ժողովուրդը կ՛ընդունի՞, որ այդ դերին մէջ պէտք է ըլլան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը: Նման ապագայ ան կը պատկերացնէ՞», հարց տուած է Ռուստամեան:
Անոր կարծիքով` եկած է ճշմարտութեան պատմական պահը, որպէսզի հայ ժողովուրդը ապացուցէ իր կենսունակութիւնը: