Այն օրէն՝ երբ Կազզայի պատերազմը կտրեց 6-րդ ամսուան սահմանը, ամերիկեան համալսարաններու մէջ աւելի՛ աչքառու դարձան պաղեստինցիներուն ի նպաստ ուսանողական ցոյցերն ու դասադուլերը, որոնց միացան համալսարաններու վարիչներ, դասախօսներ, մտաւորականներ եւ քաղաքական դէմքեր: Բողոքողները ամենասուր քննադատութիւններուն կ’ենթարկեն Իսրայէլի պետութեան ոճիրները, որոնց զոհերուն թիւը, ըստ նորագոյն տեղեկութեանց, անցած է 34 հազարը (մօտաւորապէս կէսը՝ մանուկներ, իսկ մնացեալին մէջ կան մեծ թիւով տարեցներ ու կիներ): Ցուցարարները չեն վարանիր իբրեւ ցեղասպան ամբաստանելու Նեթանիահուի վարչախումբը, որ կ’աշխատի աշխարհը համոզել, թէ «Համաս»-ի Հոկտեմբերի կայծակնային յարձակումն էր միակ դրդապատճառը, որ զինք մղեց լայնածիր յարձակողականի անցնելու: Փորձ կ’ըլլայ մոռացութեան մատնելու տասնամեակներ շարունակ կիրարկուող՝ ոճրային նոյն քաղաքականութիւնը: Կը պահանջուի, որ Ուաշինկթըն դադրեցնէ Իսրայէլի տրամադրուած օժանդակութիւնը եւ ոճիրներուն մեղսակցութիւնը:
Ամերիկեան համալսարաններու շրջափակերէն ծայր առած ցուցական արարքները ողողած են նաեւ եւրոպական եւ այլ ցամաքամասերու համալսարանները: Քովի քարտէզն ու լուսանկարները ընդհանուր գաղափար մը կու տան շարժումին տարողութեան ու ծաւալին մասին: Պահանջատէրը միայն պաղեստինցին չէ. անոր ձայնակից է ամերիկացին, սեւամորթը, լատին-ամերիկացին, ֆրանսացին եւ շատ-շատեր: (Իսկ մե՞նք…):
Բնականաբար այս ցուցական արարքները «միաձայն» չեն, որովհետեւ Իսրայէլի համակիրներ կը բարձրացնեն երկրորդ ձայնը: Յստակ է սակայն, որ Կազզայի համակիրները ողողած են ցամաքամասերը: Իսրայէլ «տկար ինկած» է, հակառակ պետական իշխանութիւններու ճնշումի քաղաքականութեան:
* * *
Ի՞նչ հակազդեցութիւններ գտան ուսանողական բողոքի ցոյցերը:
Քիչ մը ամէն տեղ, ոստիկանութիւնն ու պետական իշխանութիւնները կը կիրարկեն բռնի միջոցներ, որպէսզի ձախողութեան մատնեն բողոքի ալիքները: Համալսարաններու կը պարտադրուի փակել դռները…: Կարգ մը համալսարաններու պատասխանատուներ ալ միացած են ճնշումի քայլերուն, որպէսզի չհնչեն ոճիրը ծանուցող եւ արդարութիւն պահանջող ձայները: Ուրիշ պատասխանատուներ անուղղակի սպառնալիք կը ստանան, թէ կրնան իրենց դիրքը-պաշտօնը կորսնցնել: Այսուամենայնիւ, ճնշումի միջոցները յաջողութիւն չեն գտներ, այլ, ինչպէս նկատել տուինք՝ ալիքը կը տարածուի նահանգէ-նահանգ (ԱՄՆ-ի մէջ), երկրէ երկիր ու ովկիանոսներ կտրելով՝ կը հասնի հեռաւոր ցամաքամասեր: Մեր նպատակը բողոքի ոստաններուն ցանկագրումը չէ, ո՛չ ալ քննարկել այն «իմաստո՜ւն» հարցումը, թէ ի վերջոյ այս բոլորը ինչ արդիւնք կու տան…
Ծանօթ է որ Ուաշինկթըն եւ ընդհանրապէս պետական իշխանութիւններ կը խաղան երկու թելի վրայ: Մէկ կողմէ քողարկեալ քննադատութիւններ կ’ուղղեն Նեթանիահուի, մեղադրանքներ չեն զլանար նաեւ «Համաս»-ին, իսկ միւս կողմէ, նորանոր քաջալերանքներ կը հասցնեն ոճրագործ իշխանութեան, կ’ընդունին, որ ան իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան դիմելու (իսկ թէ հազարաւորներու ջարդն ու ամբողջ երկրամասի մը փոշիացումը ինչպէ՞ս կը ծառայէ «ինքնապաշտպանութեան»՝ այլ հարց է): Ջարդարարին կը հասնին նոր զէնք ու զինամթերք, միաժամանակ որոշ արգելքներ ստեղծելով աղէտահար պաղեստինցիներուն օգնութիւն հասցնել ուզողներուն: Իսկ թէ անկարգելներով կամ Կազզայի ափին նոր նաւամատոյց մը կառուցելով՝ աղէտին տարողութիւնը որքա՞ն կը մեղմանայ կամ… կը քողարկուի, երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր:
* * *
Միջազգային խայտառակութեան տարբեր ծալքերուն մէջ չենք ուզեր խորանալ այս սիւնակին մէջ, այլ կը բաւականանանք անգամ մը եւս շեշտելով, որ ոճրագործ իշխանութիւն մը գրեթէ անվերապահ աջակցութիւն կը վայելէ՝ իրենք զիրենք ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպան հռչակած հզօր ուժերէ: Լուսանցքին վրայ գոնէ արձանագրենք այն, որ Էրտողանի Թուրքիան, Իսրայէլին լիաբուռն օգնութիւն հասցնողներուն հլու կամակատար դաշնակիցը առերեւոյթ հրապարակ կու գայ Իսրայէլը քննադատելով, եւ, զարմանալին՝ նոյնինքն… պաղեստինցիներու մէջ կը գտնէ կարգ մը համակիրներ: Սա նաեւ այն Թուրքիան է, որ լիաբուռն օգնութեան հասաւ Արցախը ոչնչացնելու ելած Ատրպէյճանին: Անցնինք:
Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Կատայի դատը յանկարծ համակրանքի ու կարեկցութեան այսպիսի ալիք մը բարձրացուց ամէնուրեք: Արդեօք մոգական գաւազա՞ն մը անցաւ համալսարաններու երկնակամարէն:
Բնականաբար՝ ոչ: Մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ, տեսնելու՝ որ այս շարժումը արդիւնք է հետեւողական եւ առաւելաբար լուսարձակներէ հեռու տարուած երկարաշունչ ԳՈՐԾի, որուն մէջ եթէ պաղեստինցիք կը հանդիսանան հիմնական շարժակը (տինամօ), կասկած չկայ, որ անոնք յաջողած են իրենց կողքին շահիլ բազմահազար համակիրներ, կարեկիցներ: Եթէ մեր յիշողութիւնը քիչ մը պրպտենք, պիտի տեսնենք, որ այլ անարդարութիւններու դէմ բողոքի ցոյցերու եւ յաճախ երկարաշունչ շարժումներու օրերուն, կը ծածանէին նա՛եւ Պաղեստինի դրօշակը (նմանապէս՝ քիւրտերու եւ այլ բռնադատուող ժողովուրդներու դրօշակները): Կայ նաեւ գործի այլ գիծ մը. պաղեստինցի մտաւորականներ ու դասախօսներ յարատեւ աշխատանքի մէջ են, որպէսզի համալսարաններու եւ մտաւորականներու, քաղաքական շրջանակներու մէջ ծանօթացնեն իրենց դատը: Նման աշխատանք կը տարուի զուգահեռաբար՝ պաղեստինեան քաղաքական-դիւանագիտական շրջանակներու կողմէ, եւ մենք տեսանք, որ վերջերս ինչպիսի՛ հակամարտութիւն տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի սրահներուն մէջ, երբ ամերիկեան վեթոն ի վերջոյ ձախողութեան մատնեց Պաղեստինը ՄԱԿ-ի անդամ դարձնելու փորձը, որուն շուրջ տարբեր ցամաքամասերէ մեծ թիւով ձեռքեր միացած էին:
(Այս բոլորը արդեօք բան կ’ըսե՞ն Երեւանի դիւանագիտական մեքենային…)
Այս ու նման ճիգեր, ներառեա՛լ պետական իշխանութիւններու աշխատանքները առիթներ են, որպէսզի պաղեստինցիք եւ իրենց զօրակցողներ, բարեկամներ՝ ցուցահանեն Իսրայէլի իշխանութեան անարդար, խտրական եւ ոճրային նկարագիրը: Ո՛չ մէկ պաղեստինցի կը գտնուի, որ յայտարարէ, թէ Կազզան կամ Արեւմտեան Ափը Իսրայէլի կը պատկանի, պատրաստ չէ այս գիւղին, գետին կամ… ափ մը հողին համար պայքարելու յայտարարուած թշնամիին դէմ:
* * *
Եկէ՛ք, պահ մըն ալ կանգ առնենք նոյնինքն ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄին վրայ, որ կը կազմէ բողոքի այժմու ալիքին կիզակէտն ու մղիչ ուժը, յաջողած է իր կողքին զինուորագրել ականաւոր դէմքեր, տարածուիլ աշխարհով մէկ:
Ուսանողական շարժում՝ բնականաբար կը նշանակէ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆ, քաղաքականացած եւ պայքարող ուսանողութիւն: Ստեղծուած ալիքը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ՈՒԺ Է: Սա ճշմարտութիւն է ո՛չ միայն այս կամ այն երկրին մէջ, միայն այսօր, այլ տարբեր ժամանակներու եւ քիչ մը ամէն տեղ:
Դարձեալ դիմենք յիշողութեան շտեմարանին, աչքի առջեւ ունենալով գոնէ նորագոյն պատմութեան որոշ տասնամեակները, մեր աչքերը կեդրոնացնենք քանի մը փուլի վրայ:
Հպանցիկ արձանագրենք, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, մասնաւորաբար եւրոպական երկիրներու մէջ, ուսանողական շարժումներ _ հետեւաբար նաեւ ուսանողութեան ուժը _ ազդու գործ տեսած են անցեալ դարու 50-ականներէն սկսեալ, բարձրակէտի մը հասած են 1968-ին: Տարբեր ներշնչումներ ունեցող, սակայն մի՛շտ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՀԵՆՔ ունեցող այդ շարժումները իսկական երկրաշարժներ յառաջացուցած են բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Կարգ մը ուսումնասիրողներ գտած են, որ այդ փուլին, աւելի քան 50 երկիրներու մէջ (ներառեալ հարաւ-ամերիկեան) ուսանողական շարժումներ տեղի ունեցած են զուգահեռաբար եւ հասած՝ մեծ կամ փոքր յաջողութիւններու:
Շատ հեռուները չթափառինք: Նոյն այդ 60-ականներուն էր, որ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի մէջ, ուսանողները կարեւոր բաժին ունեցան «մեր հողե՛րը, մեր հողե՛րը» պահանջատիրութեամբ առաջնորդուող շարժումին մէջ, նոյնքան ծանօթ է նաեւ, որ այդ օրերու խորհրդային իշխանութիւնները փորձեցին ճնշել այդ շարժումը, որ սակայն յաջողութիւններ արձանագրեց (Երեւանի համայնավար իշխանաւորներէն՝ շարժումի քողարկուած կերպով քաջալերողներ եղած են):
Հայ ուսանողութիւնը ազդու դեր ունեցաւ նաեւ Սփիւռքի տարածքին, ուր Հայ Դատի յանձնախումբերը միայնակ կերպով բարձր կը պահէին հայուն արդարութեան դրօշը: Այդ օրերու ղեկավարութիւնը (եւ խօսքը միայն մէկ կուսակցութեան մասին չէ) հոգածու էր եւ գուրգուրանք կը տածէր ուսանողներուն հանդէպ, զանոնք կը մղէր գործակցութեան եւ ձայն բարձրացնելու: Վկայ՝ Լիբանանի մէջ իրերայաջորդ տարիներու կազմակերպուած մեծ ցոյցերը, սկսելով Պիքֆայայի Յուշարձանէն դէպի Անթիլիաս քայլերթէն, մինչեւ հակաթուրք այլ նախաձեռնութիւններ:
Աւելի ուշ, ուսանողական շարժումներ իրենց բաժինը ունեցան «Երկաթէ վարագոյր»-ի մաշեցման եւ Պերլինի պատին ու նման պատերու) փուլ բերման մէջ: Ուսանողներ այսօր ալ կը մնան դրօշակիրներ՝ տարբեր երկիրներու մէջ անարդարութեան ու բռնադատութիւններու դէմ պայքարին:
* * *
Ի՞նչ հետեւութեան հասնինք:
Այսօր, մեր հայրենիքն ու ազգը կը գտնուին ճգնաժամային փուլի մը մէջ: Պայքարի ծանրութիւնը առաւելաբար ինկած է թշնամիին ծառայութեան եւ հլու կամակատարութեան լծուած՝ Երեւանի իշխանաւորներուն դէմ պայքարող ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն ճիտին: Երիտասարդութիւնը, ի մասնաւորի ուսանողութիւնը բացակայ չէ դաշտէն. Երեւանի մէջ, Ապրիլ 23-ի երեկոյեան տեղի ունեցած ջահերթը, նաեւ նախընթաց ցոյցեր, վկայութիւններ են, որ հայ երիտասարդը կը կանգնի Դատը հետապնդողներու շարքերուն:
Այսուամենայնիւ, հայ ուսանողութիւնը, ընդունինք, այսօր լիարժէքօրէն չի կանգնիր իրեն վերապահուած խրամատին մէջ: Մեր խօսքը չի վերաբերիր միայն Հայաստանի բեմին, այլ նաեւ տարբեր երկիրներու ուսանողական խմբաւորումներուն: Այս ծիրին մէջ, քանի մը գիծի վրայ ԱՇԽԱՏԱՆՔ անյետաձգելի է. նախ՝ ուսանողական միաւորներու մէջ մարդուժի հաւաքագրում, միաժամանակ՝ շարքերու քաղաքականացում (եւ ուսանողները ամէնէն արագ քաղաքականացումի ատակ «դասակարգը» կը կազմեն որեւէ հասարակութեան մէջ), ուսանողական միաւորներու կողմէ մեր Դատին ի նպաստ բազմակողմանի յարաբերութիւններու եւ աշխատանքներու զարգացում:
Այս բոլորը կ’ենթադրեն ո՛չ միայն ղեկավարութեան կողմէ աւելի լայն հոգածութիւն, այլ նաեւ՝ ուսանողական միաւորներուն կողքին հաւաքագրումը, համախմբումը՝ դասախօսներու, մտաւորականներու եւ քաղաքական-դիւանագիտական դէմքերու: Պէտք չէ անտեսել այս դրամագլուխը կամ մոռնալ, որ երկրի մը առաջնորդները, գոնէ անոնց պատկառելի մէկ մասը կը թրծուի ուսանողութեան տարիներուն, յստակ ուղղուածութեամբ, հոգածութեամբ եւ գուրգուրանքով:
Ուսանողութիւնը պատկառելի, կարելի է ըսել նաեւ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ուժ է: Մեր այսօրուան մարտահրաւէրներէն մէկն ալ՝ այդ ուժը գոյացնելն է ու զայն ի սպաս հայրենիքին ու ազգին գործի լծելը: (Ի դէպ, պէտք չէ մոռնանք, որ պաղեստինցիք խոստովանած են թէ իրենց պայքարի առաջին փուլերուն, Հայկական Յեղափոխութենէն շատ բան սորված-օգտուած են):
Ս. Մահսերէճեան