ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի 66 անդամներ նոյն պալատի յատկացումներու յանձնաժողովի ղեկավարներուն կոչ ուղղած են 200 միլիոն տոլար յատկացնել արցախցի փախստականներուն, ընդլայնել ԱՄՆ զինուորական օգնութիւնը Հայաստանին, ամբողջապէս դադրեցնել զինուորական եւ անվտանգային աջակցութիւնը Ատրպէյճանին եւ ուսումնասիրել Ատրպէյճանի զինուորական յանցագործներուն նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառման հարցը։
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի կողմէն աջակցող երկկուսակցական նամակով, որ
կ’առաջնորդէր Քոնկրէսի հայկական յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Պալոն, մասնաւորապէս կը պահանջուի.
– 200 միլիոն տոլար Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած փախստականներուն համար:
– ԱՄՆ-ի կողմէն Ատրպէյճանին տրամադրուող բոլոր զինուորական եւ անվտանգային օգնութեան կասեցում, ատրպէյճանական պաշտօնեաներուն դէմ կարելի պատժամիջոցներու կիրառումին համար պետքարտուղարութեան ուսումնասիրութիւն:
– 20 միլիոն տոլար արտաքին զինուորական ֆինանսաւորում եւ 10 միլիոն տոլար՝ միջազգային զինուորական կրթութեան եւ ուսուցման համար:
– 10 միլիոն տոլար՝ իրաւապահ համակարգի բարեփոխումներու համար:
-10 միլիոն տոլար՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու համար:
Մեկնաբանելով երկկուսակցական նամակի շրջանառումը՝ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է․ «Մենք կը միանանք Քոնկրէսի հայկական խումբի ղեկավարութեան եւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի աւելի քան վաթսուն գործընկերներուն՝ պահանջելով արգիլել ամերիկեան զինուորական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, պատժամիջոցներ կիրառել Ալիեւի վարչակարգին դէմ եւ զգալի չափով մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել արցախցի փախստականներուն։ Տասնեակ միլիարաւոր ամերիկեան տոլարներ կ’երթան ճգնաժամային գօտիներ ամբողջ աշխարհի մէջ։ 20 միլիոն տոլարէն պակաս գումարը, որ նախագահ Պայտըն «առանձնացուցած» է, բայց տակաւին չէ յատկացուցած տեղահանուած արցախահայերուն համար, իսկապէս ամօթ է, տխուր վկայութիւն նախագահի համար։ Այն նախագահին, որ զինած է Ատրպէյճանը, օժանդակած է ցեղասպանութեան եւ լքած է հայերը Հայոց Ցեղասպանութենէն վերջ մեր ամենածանր ճգնաժամի ժամանակ»։
Քոնկրէսական այս նախաձեռնութիւնը օժանդակելու համար Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կատարած է համազգային արշաւ՝ համայնքային ճնշումով կոչ ուղղելով Քոնկրէսի անդամներուն ստորագրել Հայկական հարցերով յանձնախումբի նամակը:
Կոչ ուղղելով Արցախի բռնի տեղահանուած փախստականներուն համար 200 միլիոն տոլարի օգնութիւն տրամադրել՝ Ֆրենք Պալոնը եւ նամակի համահեղինակները ընդգծած են, որ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի ցեղասպանական ցեղային զտումներուն ամերիկեան եւ միջազգային արձագանգը «բոլորովին անբաւարար է այս ընտանիքներու կարիքներուն ընդառաջելու համար․․․ Իրենց հայրենիք վերադառնալու երաշխաւորուած իրաւունքը չապահովելը նոյնպէս սեւ բիծ կը մնայ միջազգային հանրութեան համար»:
Նամակի համահեղինակները յատուկ մտահոգութիւն յայտնած են «Հայաստանի դէմ նոր պատերազմ հրահրելու» Ալիեւի վարչակարգի մտադրութիւններուն մասին։ Անոնք պնդած են, որ Հայաստանին արտաքին տնտեսական ֆինանսաւորման եւ միջազգային զինուորական կրթութեան և ուսուցման տեսքով անվտանգութեան լրացուցիչ օգնութիւնը յատկապէս կարեւոր է, քանի որ հայ ժողովուրդը միջազգային աջակցութիւն կը փնտռէ իր ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու համար՝ ատրպէյճանական մշտական ծաւալապաշտութեան պայմաններով:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
02/05/2024թ․