Երեքշաբթի 23 Ապրիլ 2024-ին, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ, ներկայութեամբ դպրոցի աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին։

Բացման խօսք արտասանեց Տէր Զարեհ Քահանայ Շաքարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ոճիրը իր ծրագրաւորման եւ գործադրման փուլերով, ապա նահատակներուն սրբադասումը եւ մեր դերը հայապահպանման առաքելութեան մէջ, յիշելով Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին ջանքերը այս ծիրէն ներս։

Ապա Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութենէն Գէորգ Մանուկեան դասախօսեց «Հայ Դատը» նիւթը, ներկայացնելով Արեւմտահայաստանի վիճակը նախքան Ցեղասպանութիւնը, ստորագրուած դաշնագրերը, Հայ Դատի սահմանումն ու նպատակները, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն տարած աշխատանքը։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ զրոյց այս նիւթին շուրջ, աշակերտները իրենց գաղափարներն ու առաջարկները յայտնեցին Հայ Դատի արծարծման ու տարածման գծով։ Ետքը տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, Համազգայինի կազմակերպած մրցումներուն առաջնակարգ դիրքեր գրաւող խումբ մը աշակերտներու կողմէ։
Յայտագիրը սկսաւ Ը. կարգէն Նարօտ Սաղպազարեանի Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու Պարը» ոտանաւորին ասմունքով, ապա Ը. կարգէն Ալինա Գրիգորեանի Ժագ Յակոբեանի «Մենք» քերթուածին ասմունքով, որմէ ետք Է. կարգէն Մինաս Քէօշկէրեան (դաշնամուր) նուագեց <<Ատանայի Ողբը» եւ Արամ Խաչատուրեանի Գայիանէ պալետէն ստղծագործութիւն մը, իսկ ԺԱ. կարգէն Եսթեր Կիւլտալեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենք»-ը, Է. կարգէն Սագօ Պալապանեան (ջութակ) նուագեց դասական կտոր մը։ Գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ Դանիէլ Վարուժանի «Վիրաւոր»-ը քերթուածով, զոր ներկայացուց ԺԱ. կարգէն Յակոբ Շաքարեան։

Աւարտին Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Ռէիսեան իր խօսքը ուղղեց՝ շեշտելով իրաւունքներու պահանջատիրութեան կարեւորութիւնը, հայ ժողովուրդի ազգասիրութիւնն ու աշխատասիրութիւնը, յայտնելով որ ներկայ իրավիճակէն յաղթական դուրս գալու համար մենք կարիքը ունինք անկարելին կարելի դարձնող մտքի ու կամքի։

Արփի Արապանեան