Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս, 23 Ապրիլի ժամը 19:15-ին, Երեւանի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ ջահերով երթին՝ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարադական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ:

1999-էն ի վեր աւանդութիւն դարձած այս երթը գլխաւորաբար կը նպատակադրէ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը վառ պահել, միաժամանակ ցոյց տալ աշխարհին, մանաա՛նդ Թուրքիոյ, որ հայը պահանջատէր է եւ պիտի մնայ, մինչեւ արդար հատուցում եւ բռնագրաւուած հողերու վերադարձ:

Այս տարուան կարգախօսն էր՝ «Զա՛րկ, երբ հալածում են քեզ»: Այս պատգամը կրկնակի անգամ կը շեշտէ պայքարի կարեւորութիւնը եւ կը մերժէ կեղծ խաղաղութեան տարատեսակ ձեւերը՝ հարցերը լուծելու որպէս միջոց, մանաւանդ երբ թշնամին կը ջանայ անխնայ հարուածել եւ ոչնչացնել մեր անցեալն ու ներկան:

Երթը սկիզբ առաւ Հանրապետութեան հրապարակէն: ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Սեւակ Նազարեան ողջունեց տասնեակ հազարաւոր պահանջատէրերը եւ իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ վերջին տարիները ապացուցեցին, որ Ցեղասպանութիւնը միայն անցեալ չէ, այլ թրքական պետութեան անփոփոխ քաղաքականութիւնն է: 130 տարի առաջ Ապտուլ Համիտով, 109 տարի առաջ Թալէաթով ու անոր ոճրագործ գործընկերներով, իսկ այսօր Ալիեւի եւ Էրտողանի ձեռքով թշնամին կ’ուզէ բնաջնջել մեզ մե՛ր իսկ բննօրանին մէջ եւ ան պիտի չդադրեցնէ իր այս քաղաքականութիւնը քանի դեռ արժանի հարուած չէ ստացած:

Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան՝ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Գոռ Սարգսեան, ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան եւ ՀՅԴ անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար Սարգիս Մկրտիչեան:

Գոռ Սարգսեան շեշտեց, որ ջահերով երթը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հակաթրքական միակ ձեռնարկն է: Ան անդրադարձաւ, որ այնպէս ինչպէս 109 տարի առաջ Թուրքիան Արեւմատահայաստանը գրաւեց, ապա նախիջեւանը, այսօր Արցախը խլեց: Ան հաստատեց, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը չէ փոխուած, իսկ աւելի վատը այն է, որ ՀՀ այսօրուան իշխանութիւնները կը համագործակցին այս քաղաքականութեան հեղինակներուն հետ, Հայաստանը տանելով դէպի թրքացում: Ան խօսքը ուղղելով Ատրպէյճանի երիտասարդութեան նշեց, որ երկրի այս քաղաքականութեան պատճառով արնաքամ պիտի ըլլայ եւ պիտի չի վայելէ մեր հայրենիքը՝ Արցախը: Այս խօսքէն ետք քանի մը երիտասարդներ այրեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշները:
Սարգիս Մկրտիչեան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ 20-րդ դարու «քաղաքակիրթ Աշխարհի» աչքին առջեւ, այսօր Արցախը դատարկուեցաւ եւ ամբողջովին հայաթափուեցաւ։ Ան հարցականի տակ դրաւ մարդու իրաւունքներն ու ժողովրդավարական կարգերու ու կազմակերպութիւններու ճշտմարտացիութիւնը նշելով, որ այս եզրերը կ’օգտագործուին միա՛յն այն ժամանակ, երբ օգտագործողներու շահերուն կը համընկնին: Այս բոլորէն յետոյ ան շեշտեց, որ ինչքան կարեւոր է մէկ անգամ եւս մեր աչքերը բանալ եւ գիտնալ, որ հայը ո’չ հիւսիսէն, ո’չ հարաւէն, ո’չ արեւելքէն եւ ոչ ալ արեւմուտքէն օգնութեան կարիք ունի, այլ հայը կարիք ունի միայն հայուն: Ան հաստատեց, որ այս մարտահրաւէրներուն յաղթելու համար, մենք պէտք է կազմակերպենք մեր պետականութիւնը եւ Սփիւռքը ու մէջտեղ բերենք իսկական միասնութիւն։

Գառնիկ Դանիելեան զեկուցեց Տաւուշի մարզի ներկայ իրավիճակին մասին, եւ կարեւոր համարեց Տաւուշն ու տաւուշցին մինակ չձգելը, որովհետեւ Տաւուշը մեր թիկունքը, դարպասն ու յենարանն է:

Երթը շարունակուեցաւ անցնելով Ամիրեան փողոցէն, Մ.Մաշտոցի եւ Մ.Բաղրամեան պողոտաներէն, ապա Քիեւեան փողոցէն մինչեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ խօսք առաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի դիւանապետ Տէր Արշակ Արք. Խաչատրեան: Ան դիտել տուաւ, թէ ան որ կը փորձէ ջնջել կամ կասկածի տակ առնել Հայոց Ցեղասպանութեան իսկութիւնը նզովեալ պիտի ըլլայ սերունդէ սերունդ: Ապա «Պահապանիչ»-ով փակեց արարողութիւնը:

Ջահակիրներն ու մասնակից ժողովուրդը Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին սրբադասուած նահատակներուն:

Ջահակիրները կասկած չունէին, որ լուսաւոր օր մը ջահերթը պիտի շարունակեն մինչեւ Սասուն ու Վան եւ անմար կրակը պիտի վառ պահեն վերականգնուած արդարութեան յուշակոթողին ընդառաջ:

Արփի Գէորգեան
Երեւան