«Քիրազի գծագրութիւնները, որոնք ատենէ մը ի վեր լոյս կը տեսնեն «Իմաժ»-ի մէջ, հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած էին այս սարսափելի մանուկին վրայ, որ օժտուած է սրամտութեամբ եւ տաղանդով: Ան մատիտի հարուած մը ունի այնքան հատու, որքան իր անողոք դիտողականութիւնը»:
Ասոնք խօսքերն են արուեստի ֆրանսացի քննադատ Ռոպէր Պլումի, գրուած դեռ 1945 թուականին:
Քիրազ անունին հետ շա՜տ հին պատկեր մը կու գայ աչքիս, յուշ մը, որ այնքան սիրելի է ինծի համար, որքան առեղծուածային:
Մօրաքոյրս բաժանորդ էր Jours de France շաբաթաթերթին եւ կարդալէ ետք կու տար մեծ մօրաքրոջս, որ յետոյ կը փոխանցէր իր փոքր քրոջ՝ մօրս: Երբ հանդիպէին, երեք քոյր կը քննարկէին իրենց կարդացածները, յետոյ թերթը կը մոռնային սեղանին: Անմիջապէս կ’առնէի, ամէնէն առաջ կը դարձնէի վերջին էջը եւ հմայուած, երկա՜ր կը դիտէի Քիրազ ստորագրուած գծանկարները երկարասրունք եւ այնքան գրաւիչ ֆրանսուհիներուն: Ե՞րբ էր որ առաջին անգամ մտածեցի, դիտելով անունին շատ ինքնուրոյն K-ը՝ «Այս մարդը պէտք է հայ ըլլայ»: Այդքան միայն: Թէ ինչո՞ւ պէտք է հայ ըլլայ, երբ «քիրազ» (կեռաս) բառը շատ դիւրաւ կրնայ արաբերէն կամ թրքերէն նկատուիլ: Հարցումս կրկնուեցաւ Jours de France-ի իւրաքանչիւր թիւին հետ, մինչեւ մօրաքոյրս իր ընտանիքով գաղթեց եւ ա՛լ թերթը չտեսայ: Մտածումը սակայն մնաց եւ մնաց առանց որոշ հաստատումի:
Կէս դար ետք եկայ Գահիրէ, ծանօթացայ շատերու, մանաւանդ մշակոյթի ծիրէն ներս եւ յանկարծ Քիրազ անունը ականջիս դպաւ:
_ Ո՞վ:
_ Քիրազը, մօրեղբայրս, երգիծանկարիչը, Փարիզ:
_ Մօրեղբա՞յրդ, Փարի՞զ, մինչեւ հիմա՞:
_ Այո՛:
Նայիրի Համբիկեանը շատ զարմացեր էր, թէ ինչո՛ւ այդքան զարմացեր էի: Եթէ գիտնար, թէ որքա՜ն մտածեր եմ Քիրազի եւ իր նկարներուն մասին, պիտի հասկնար, թէ ինչո՛ւ այսքան ուրախ եմ. պարզապէս կը հաստատէի, թէ հայէ հայ գացող անտես, յաճախ շատերու համար անզգալի կապ մը կայ. այն օրերու ութ տարեկան աղջնակը սխալած չէր իր զգացողութեան մէջ՝ «Այս մարդը պէտք է հայ ըլլայ» եւ «առեղծուած»-ը լուծուեր էր. ահա թէ ինչո՛ւ այդքան ուրախ էի:
Քիրազ Փարիզ ապրեցաւ մինչեւ խոր ծերութիւն՝ ինիսուն տարեկան. եռանդուն կերպով կը շարունակէր ոչ միայն ստեղծագործել, այլ նաեւ երգիծանկարչութեան դասեր տալ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ:
Այդպիսով՝ Քիրազ շատ աւելի «ընտանի» անուն մըն է օտարներուն, քան մեզի համար: Այս երեւոյթը յաճախ կրկնուող բան մըն է սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, ուր անհատական յաջողութիւնները մի՛շտ աւելի արդիւնաւէտ են, քան հաւաքականը, որ խորքին մէջ «հաւաքական» կոչել իսկ կարելի չէ, զանազան պատճառներով, որոնց գլխաւորը մեր … անմիաբանութիւնն է: Նախ օտա՛րը պէտք է հաստատէ մեր արժէքներուն արժէքը, որ յետոյ մենք, հաւաքաբար, ընդունինք այդ արժէքին արժէք ըլլալը: Շուտասելուկի պէս կը հնչէ, բայց տխուր իրականութիւն է … Այստեղ սակայն կարեւորը Քիրազն է եւ իր տեղը միջազգային քարթունիստներուն մէջ:
Պոլսէն Գահիրէ գաղթած ծնողներու զաւակները՝ Լեւոն Քիրազեան եւ Էլիզ Սէթեան-Քիրազեան ծնունդ տուած են Էտմոն Քիրազեանի 1923 թուականին, Գահիրէի մէջ: Էտմոն ծնողքին երկրորդ զաւակն է, իր երկուորեակ քրոջ՝ Անահիտին հետ, անդրանիկ զաւկէն՝ Տիգրանէն ետք եւ ամէնէն փոքրէն՝ Հայկէն առաջ:
Փոքրիկ Էտմոն իր նախնական ուսումը ստացած է Գահիրէի Ազգային Նուպարեան վարժարանէն ներս: Ապա յաճախած է Գահիրէի ֆրանսական գոլէճը:
Քիրազի առաջին ծաղրանկարը հրատարակուած է եգիպտական «Ալ-Մուսաուէր» թերթին մէջ, 17 տարեկանին: Նոյն
այդ շրջանին աշխատակցած է նաեւ «Արեւ»-ին:
1946-ին Քիրազ կը տեղափոխուի Փարիզ (Ֆրանսա), ուր կ’ապրի մինչեւ իր մահը՝ 11 Օգոստոս 2020-ին:
Քիրազի անունը սկսած է փայլիլ իր նշանաւոր «Փարիզուհիներ» շարքով, նկարուած «Jours de France» հանդէսին համար: Բարակիրան, երկար սրունքներով, գեղադէմ, միշտ շքեղ հագուած, անժպիտ եւ սրամիտ փարիզուհիներու այս շարքին հիման վրայ 1960-ականներուն նաեւ պուպրիկներ ստեղծուած են, որոնք այսօր հազուագիւտ հաւաքածոներու մաս կը կազմեն: «Փարիզուհիներ» շարքը աւելի ուշ առանձին հատորով լոյս տեսած է:
Այսօր Քիրազ մէկն է համաշխարհային հռչակ նուաճած երգիծանկարիչներէն, որոնք իրենց խիստ ուրոյն ոճով կը տարբերին շատերէ:
Ստացած է Ֆրանսայի «պատուոյ լէգէոն»-ի շքանշանն ու Փարիզի պատուաւոր քաղաքացիի կոչումը:
Հրատարակած է հետեւեալ գիրքերը, որոնց շարքին տեղ գտած է թերեւս միակ հայերէն գիրքը՝ Գահիրէի «Ջահակիր» թերթին որպէս յաւելուած լոյս տեսած Քիրազի Եգիպտական շրջանի գծանկարները ամփոփող հատորը, 2019 թուականին.
1. Lissi, DiogՌne, 1954
2. Carnet de belles, (Գեղեցկութեան նօթատետր) Pulcinella, 1959
3. Les Parisiennes (Փարիզուհիներ), Denoսl, 1963
4. Les Parisiennes au volant, Denoսl, 1966
5. La Parfaite Secrռtaire (Կատարեալ քարտուղարը) Denoսl, 1967
6. Parlez-moi de moi : les Parisiennes (Խօսիր ինծի ինքզինքիս մասին) Denoսl, 1973
7. Sonate Ո quatre mains (Քառձեռն սոնաթ) Filipacchi-Denoսl, 1978
8. Les Femmes de Kiraz, (Քիրազի կիները) Plon, 1985
9. Les Parisiennes se marient, (Փարիզուհիները կը պսակուին) Assouline, 1994
10. Je les aime comme ջa (Զիրենք այդպէս կը սիրեմ), Denoսl, 2000
11. Jamais le premier soir (Երբեք առաջին գիշերը), Denoսl, 2001
12. Kiraz dans Playboy (Քիրազ Playboy հանդէսին մէջ), Denoսl, 2002
13. Elles et moi (Աղջիկներն ու ես), Denoսl, 2003
14. Mini drames, Denoսl, 2005
Մարուշ Երամեան