Մուսապ Ապու Դոհա

Մուսապ Ապու Դոհան պաղեստինցի բանաստեղծ է, պատմուածքներու հեղինակ։ Ան հեղինակն է ‘’Things You May Find Hidden in My Ear՚՚՚՚՚’: Poems from Gaza 2022’’. որ արժանացած է 2022ի պաղեստինի գիրքի մրցանակին։ Ապու Դոհան Էդուարտ Սաիտ գրադարանի հիմնադիրն է։ 2019-2020 թուականներուն եղած է Հարվըրտ Համալսարանի այցելու բանաստեղծ եւ գրադարանավար։

‘’Things You May Find Hidden in My Ear՚՚՚՚՚’ բանաստեղծութիւնը թարգմանուած է շարք մը լեզուներու, որոնց կարգին է նաեւ արեւմտահայերէնը։

Սոյն բանաստեղծութիւնը կը ձօնէ իր բժիշկին, որ տիւ ու գիշեր կը խնամէ զինք եւ կը դարմանէ վնասուած ականջը։ Ան աղերսանքով մը կը դիմէ անոր ու կը խնդրէ որ փամփուշտներու սոյլը եւ հրթիռներու պայթիւններն ու ճիչերը հանէ իր ականջէն, սակայն զգոյշօրէն դպչի իր թմբուկին, որովհետեւ այդ անտանելի աղմուկին քով տեղ մը գուցէ պահուած գտնէ մօրը քնքոյշ ձայնը ու բարի խօսքերն ու երգերը։

i

Երբ ականջս բանաք, մեղմօրէն դպէք։
մօրս ձայնը կը յամենայ ներսը տեղ մը։
Իր ձայնը արձագանգ մըն է, որ կ՚օգնէ վերագտնել հաւասարակշռութիւնս երբ գլխապտոյտ կը զգամ ուշադրութեանս պահուն։

Գուցէ հանդիպիք արաբերէն երգերու,
անգլերէն քերթուածներու, զորս կ՚արտասանեմ ես ինծի,
կամ երգի մը, զոր կ՚երգեմ մեր բակի ծլւլացող թռչուններուն։

Երբ վէրքս կարէք, մի՛ մոռնաք այս ամէնը նորէն դնել ականջիս մէջ։
Կրկին դասաւորեցէ՛ք այնպէս, ինչպէս պիտ շարէիք գիրքերը ձեր դարակին։

ii

Օդաչու թռչող սարքին բզզոցը,
F-16ին թնդիւնը
ռումբերու պայթիւնը տուներուն,
դաշտերուն եւ մարմիններուն վրայ,
հեռու թռչող հրթիռներու ճիչը—
պզտիկ ականջիս խողովակը այս բոլորէն ազատեցէ՛ք։

Վէրքիս վրայ ձեր ժպիտներուն բուրումը սրսկեցէ՛ք։
Երակներուս մէջ ներարկեցէ՛ք կեանքի երգը, որ արթնցնէ զիս։
Թմբուկիս մեղմօրէն դպէք, որ միտքս գուցէ պարէ ձեզի հետ,
Իմ բժիշկս, օր ու գիշեր։

Թարգմանութիւն՝ Նենսի Գրիգորեանի եւ Սօսի Միշոյեանի