ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ԱՌԱՒՕՏ

Համբարձումն եկաւ, ծաղկունքը ալուան
Զուգել  են հանդեր նախշուն գորգերով։
Փունջ-փունջ աղջիկներ սարերը ելան
Վիճակ հանելու աշխոյժ երգերով։
-Համբարձում, Եա՛յլա,
Եա՛յլա ջան, Եա՛յլա,
Լաւ օրեր, եա՛յլա,
Եա՛յլա ջան, եա՛յլա։
Երգ ու բոյր խառնած,
Թեւ-թեւի բըռնած
Զուգում են լեռներ,
Ծաղիկ են քաղում,
Ծաղկի հետ խաղում,
Ինչպէս թիթեռներ։
-Համբարձում, եա՛յլա,
Եա՛յլա ջան, եա՛յլա,
Լաւ օրեր, եա՛յլա,
Եա՛յլա ջան, եա՛յլա։
Յ. Թումանեան
Բանաստեղծը այս քանի մը տողերուն մէջ ամփոփած է մեր դարերու քրիստոնէական բնոյթ կրող, սակայն պատմական խոր արմատներ ունեցող, հեթանոսական ժամանակներէ եկած, Համբարձման տօնին խորհուրդը, որ կը կապուի Քրիստոսի Համբարձման խորհուրդին հետ: Թէ ի՞նչ կոչուած է այս տօնը հեթանոսական շրջանին մենք չենք գիտեր, սակայն եղած է ժողովրդական բոլոր տօներուն զարդը, որովհետեւ ամբողջապէս նուիրուած էր երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս պտղաբերութեան: Ան կը կատարուէր բնութեան գիրկը, Մայիսեան ծաղկունքին մէջ:
Սիրոյ եւ պտղաբերութեան նուիրուած խորհրդանիշերը շատ էին:
-Առաջինը Ծաղկահաւաքն էր։ Ամէն ընտանիքի համար մէկական փունջ կազմել՝  եօթ տեսակ ծաղիկներէ, սարէն ըլլայ թէ թաղէն, եօթներանգ փունջեր, զոր երգելով կը կապէին սարի հարսերը:
Ծաղիկ էր հոտով-մոտով
Եկաւ անցաւ իմ մօտով
Աչքըս տեսաւ սիրեցի
Ու մնացի կարօտով։
Վարդ են քաղեր մաղերով
Վեհ եմ դըրել շաղերով
Հրէն կու գայ իմ եարը
Ալ ձին տակին խաղալով:
Այս փունջերուն ամենամե՛ծը, որ կը դրուէր սրբազան ջուրին մէջ, Ծաղկամայր անունը կը կրէր, խորհրդանշելով Աստղիկ եւ Անահիտ դիցուհիները։ Անահիտ մայր դիցուհին բարերար մարդոց, բնութեան մայրն էր ամենայն զգաստութեան, շունչն ու կեանքն էր Հայոց Աշխարհին եւ խորհրդանիշը համեստութեան, լրջութեան եւ մանաւանդ ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ:
-Երկրորդը՝ ջուրն էր:
Համբարձման նախորդող գիշերը տղամարդոցմէ գաղտնի կիներ եւ աղջիկներ անխօս կը շրջէին եւ եօթը աղբիւրներէ կը հաւաքէին ՓԱՐՋԻ սրբազան ջուրը եւ աւազահատիկները, այս բոլորը կը դրուէին բաց երկնքի, աստղերու հովանիին տակ, որպէսզի պսակուէին այդ տօնին խորհուրդով:
Այդ գիշերը ՝ Հրաշքի գիշերն էր. ծաղիկներն ու խոտերը միմիանց հետ կը խօսէին ու կը պատմէին բուսական իրենց շնորհքն ու գաղտնիքները:
Ծաղկամայրն ու Փարջի սրբազան հեղուկը նոյնպէս կապուած էին «Նար»-ի եւ «Աստղիկ»-ի հետ: Անոնցմով պէտք է բացատրել, որ կիներ պտղաբերելու համար Համբարձման լոյս Հինգշաբթի գիշերը գաղտնի լոգանք կ’առնէին, ինչպէս Աստղիկը, իսկ այդ գիշերուան ընթացքին աստղերու կարծեցեալ համբուրման ականատես տղամարդիկ կը կենակցէին, որ կանայք մանչ զաւակ բերէին:
Վիճակի Փարջը աստղերուն տակ դիւթական զօրութիւն կը ստանար եւ բախտորոշ շնորհքով կը լեցուէր:
Վիճակուողները գիւղական երդիքներէն վար կը ձգէին քաղած ծաղիկներէն փնջիկներ, կամ տունէ տուն կը բաժնէին, փոխարէնը իրենց խրախճանքին համար ժողուելով իւղ, հաւկիթ, ալիւր եւ անուշեղէն, իսկ վիճակի համար մէյ-մէկ նշան, զոր կը ձգէին փարջին մէջ: Յաջորդ օրը գիւղացիները կը համախմբուէին, կարգ-կարգ կը նստէին մեծէն փոքր, մէջտեղը քօղով վիճակի հարսը՝ վիճակին առջեւը, որ մատղաշ աղջնակ մըն էր, անխօս եւ ձեռքովը կը պահէր վիճակին փարջը ու կը սպասէր: Խոր լռութեան մէջ, ներկայ ամէնէն տարեց կինը կ’երգէր ուրախ կամ տխուր երգ մը, օրհնութիւն մը կամ գովասանք մը, եւ վիճակը կը հանուէր: Վիճակի երգերուն շարքը երկար էր, այս երգերը կը կոչուէին «Ջան Կիւլում», «Հաբրբան», « Տարան-Տարան», եւ մեր հոգեւոր աւանդութիւնները կը մարմնաւորէին:
Երբեմն երկու խումբ դէմ դէմի կ’երգէին փոխն ի փոխ, յաճախ մանչերու եւ աղջիկները խումբեր իրարու հետ  կը մրցէին երգելով:
Խմբային խաղերը, մրցումները, մանաւանդ շուրջ պարերը Համբարձման Տօնի զարդարանքը կը կազմէին:
Տարեկան բոլոր տօներուն մէջ թերեւս միակն է Համբարձման տօնը, որ կը կատարուի հարուստ աւանդութիւններու ցնցուղով: Ան տօնն է բնութեան, արբունքին, պտղաբերումին եւ երկրի բեղմնաւորումին, արտայայտուած բարձր արժէք ներկայացնող բանաստեղծական կտորներով, որոնք կ’երգուին քաղցր եղանակով:
Մեր աւանդութիւնները Հայ ժողովուրդի սըրտէն իսկ ծնունդ առած կը դրսեւորեն Հայ ժողովուրդի դարաւոր ստեղծագործական արժէքները:
Հարկ է, որ բոլորս կառչած մնանք մեր աւանդութիւններուն, զանոնք պահելով, պահպանելով եւ փոխանցելով գալիք սերունդներուն: